Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուածաշունչի ամփոփում

Աստուածաշունչի ամփոփում

Աստուածաշունչը ամէնէն շատ բաժնուած գիրքն է պատմութեան մէջ եւ շատեր ատիկա կ’արժեւորեն։ Բայց թերեւս հարց տաս. ‘Ինչո՞ւ այս գիրքը այսքան հանրածանօթ է’։

Աստուածաշունչը. ի՞նչ է անոր պատգամը գրքոյկը մեզի կու տայ Աստուածաշունչի ամփոփումը, որ կրնայ մեզի օգնել որ Աստուածաշունչին ընդհանուր նիւթը հասկնանք, Ծննդոց գիրքին մէջ արձանագրուած ստեղծագործութենէն մինչեւ Յայտնութիւն գիրքին մէջ արձանագրուած մեր ապագային հետ կապ ունեցող յոյսը։ Ասկէ զատ, գրքոյկին մէջ կայ ժամանակագրական ցուցակ մը, որ կարեւոր դէպքերը ցոյց կու տայ։ Նաեւ, կան շատ աղուոր նկարներ եւ հետաքրքրական հարցումներ քննարկութեան համար։

Կարդա՛ Աստուածաշունչը. ի՞նչ է անոր պատգամը։