Անցնիլ բովանդակութեան

Ի՞նչ է սուրբ հոգին

Ի՞նչ է սուրբ հոգին

Աստուածաշունչին պատասխանը

 Սուրբ հոգին Աստուծոյ գործող ուժն է, այսինքն՝ իր զօրութիւնը (Միքիա 3։8. Ղուկաս 1։35)։ Աստուած իր հոգին կը ղրկէ որեւէ տեղ որ իր կամքը կատարէ (Սաղմոս 104։30. 139։7

 Աստուածաշունչին մէջ, «հոգի» թարգմանուած բառը կու գայ եբրայերէն ռուախ բառէն եւ յունարէն փնէօմա բառէն։ Այս բառերը գլխաւորաբար կ’ակնարկեն Աստուծոյ գործող ուժին, այսինքն՝ սուրբ հոգիին (Ծննդոց 1։2)։ Բայց Աստուածաշունչը այս բառերը ուրիշ իմաստներով ալ կը գործածէ.

 Այս բոլոր իմաստները կու տան գաղափար մը բանի մը մասին, որ մարդ արարածին համար անտեսանելի է, բայց ատոր ազդեցութիւնը տեսանելի է։ Նոյնպէս, Աստուծոյ հոգին «հովին պէս անտեսանելի է, զօրաւոր է եւ նիւթական չէ» (An Expository Dictionary of New Testament Words, by W. E. Vine)։

 Աստուածաշունչը Աստուծոյ սուրբ հոգիին մասին կը խօսի նաեւ որպէս իր «ձեռքեր»ը եւ «մատներ»ը (Սաղմոս 8։3. 19։1. Ղուկաս 11։20. համեմատէ Մատթէոս 12։28)։ Ինչպէս որ արհեստաւոր մը իր ձեռքերը եւ մատները կը գործածէ որ իր գործը կատարէ, նոյնպէս Աստուած իր հոգին կը գործածէ որ շատ բաներ կատարէ, ինչպէս՝

Սուրբ հոգին անձ չէ

 Երբ Աստուածաշունչը Աստուծոյ հոգիին համար կը խօսի որպէս «ձեռքեր», «մատներ» եւ «շունչ», ատիկա ցոյց կու տայ որ սուրբ հոգին անձ չէ (Ելից 15։8, 10)։ Արհեստաւորի մը ձեռքերը իր մտքէն ու մարմինէն անկախ չեն գործեր. նոյնպէս, Աստուծոյ սուրբ հոգին կը գործէ միայն այնպէս ինչպէս Աստուած կ’ուղղէ (Ղուկաս 11։13)։ Աստուածաշունչը նաեւ Աստուծոյ հոգին կը նմանցնէ ջուրի եւ ատիկա կը կապէ յատկութիւններու հետ, ինչպէս՝ հաւատք եւ գիտութիւն։ Այս բոլոր նմանութիւնները յստակ կերպով ցոյց կու տան, որ սուրբ հոգին անձ չէ (Եսայի 44։3. Գործք 6։5. Բ. Կորնթացիս 6։6

 Աստուածաշունչին մէջ անցած են Աստուծոյ անունը՝ Եհովա, ինչպէս նաեւ իր Որդիին անունը՝ Յիսուս Քրիստոս։ Բայց տե՛ղ մը չենք կարդար որ սուրբ հոգին անուն ունի (Եսայի 42։8. Ղուկաս 1։31)։ Երբ Ստեփանոս, որ ետքը որպէս քրիստոնեայ նահատակուեցաւ, երկինքի մասին տեսիլք տեսաւ, ան երկու անձնաւորութիւն տեսաւ եւ ոչ թէ երեք։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Անիկա Սուրբ Հոգիով լեցուած՝ երկինք նայեցաւ եւ տեսաւ Աստուծոյ փառքը ու Յիսուսն ալ, որ Աստուծոյ աջ կողմը կայներ էր» (Գործք 7։55)։ Սուրբ հոգին Աստուծոյ գործող ուժն էր, որ կարող դարձուց Ստեփանոսին որ այդ տեսիլքը տեսնէ։

Սուրբ հոգիին մասին սխալ կարծիքներ

 Սխալ կարծիք։ Սուրբ հոգին անձ է եւ Երրորդութեան մէկ մասն է ինչպէս որ Ա. Յովհաննէս 5։7, 8–ը ցոյց կու տան։

 Իրողութիւն։ Ա. Յովհաննէս 5։7, 8–ին մէջ կը կարդանք. «Երեք են որ երկնքի մէջ կը վկայեն, Հայրը, Բանը ու Սուրբ Հոգին եւ այս երեքը մէկ են։ Ու երեք են որ երկրի վրայ կը վկայեն»։ Բայց այս նիւթին շուրջ պրպտումները ցոյց կու տան որ այս խօսքերը Յովհաննէս առաքեալ չէ գրած եւ Աստուածաշունչին մէկ մասը չեն։ Փրոֆէսոր Պրուս Մ. Մէթցկըր գրեց. «Վստահ ենք թէ այս խօսքերը յետագային աւելցուեցան եւ թէ ատոնք տեղ չունին Նոր Կտակարանին մէջ» (A Textual Commentary on the Greek New Testament

 Սխալ կարծիք։ Աստուածաշունչը սուրբ հոգին իբր անձ կը ներկայացնէ, ինչ որ ցոյց կու տայ որ ատիկա իրապէս անձ է։

 Իրողութիւն։ Աստուածաշունչը երբեմն սուրբ հոգին կը նկարագրէ այնպիսի բառերով, որոնք կը գործածենք անձ մը նկարագրելու համար։ Օրինակ Յիսուս սուրբ հոգին ներկայացուց իբր մխիթարիչ (յունարէնով՝ բա·րագլէ·թոս), որ փաստեր կու տայ, կ’առաջնորդէ, կը խօսի, կը լսէ, կը պատմէ, կը փառաւորէ, իրմէ կ’առնէ (Յովհաննէս 16։7-15)։ Բայց ասիկա չի նշանակեր որ սուրբ հոգին անձ է։

 Աստուածաշունչը իբր անձ կը ներկայացնէ նաեւ իմաստութիւնը, մեղքն ու մահը (Առակաց 1։20. Հռովմայեցիս 5։17, 21)։ Օրինակ, իմաստութեան համար կ’ըսուի որ «գործեր» եւ «որդիներ» ունի։ Իսկ մեղքին համար կ’ըսուի որ կը խաբէ, կը մեռցնէ եւ ցանկութիւն կը գոյացնէ (Մատթէոս 11։19. Ղուկաս 7։35. Հռովմայեցիս 7։8, 11

 Սխալ կարծիք։ «Յանուն» սուրբ հոգիին կամ սուրբ հոգիին անունով մկրտուիլը կը փաստէ որ ատիկա անձ է։

 Իրողութիւն։ Աստուածաշունչը «անունով» կամ «անուան» բառերը կը գործածէ ցոյց տալու համար իշխանութիւն եւ հեղինակութիւն (Բ. Օրինաց 18։5, 19-22. Եսթեր 8։10)։ Օրինակ, երբ ըսենք «օրէնքին անունով», ըսել չենք ուզեր որ օրէնքը անձ է։ Ուրեմն, երբ մէկը կը մկրտուի «սուրբ հոգիին անունով», ասիկա կը նշանակէ որ ան կ’ընդունի սուրբ հոգիին զօրութիւնը եւ դերը Աստուծոյ կամքը կատարելու մէջ (Մատթէոս 28։19

 Սխալ կարծիք։ Յիսուսին առաքեալները եւ աշակերտները կը հաւատային որ սուրբ հոգին անձ է։

 Իրողութիւն։ Թէ՛ Աստուածաշունչը եւ թէ պատմութիւնը ատանկ բան չեն ըսեր։ Համայնագիտարան մը կ’ըսէ. «Այն գաղափարը որ սուրբ հոգին աստուածային զատ անձնաւորութիւն է... սկիզբ առաւ Կոստանդնուպոլսոյ խորհրդաժողովին մէջ՝ Ք.Ե. 381–ին» (Encyclopædia Britannica), Յիսուսին վերջին առաքեալը մեռնելէն աւելի քան 250 տարի ետք։