Եհովային գովերգենք. նոր երգեր

Եհովա Աստուած փառաբանելու եւ պաշտելու նոր երգերը մտիկ ըրէ։ Անոնց երաժշտութիւնն ու բառերը բեռնէ։

ԵՐԳ 136

Թագաւորութիւնը կ’իշխէ. կ’աղօթենք՝ «Թող գա՛յ»

Այս վսեմ երգը Եհովա Աստուած կը փառաբանէ, Քրիստոս Յիսուսի Թագաւորութեան իշխանութիւնը ընդունելով։

ԵՐԳ 137

Մեզի համարձակութիւն տուր

Այս երգը Եհովային ուղղուած կոչ մըն է, որ մեզի քաջութիւն տայ իր անուան մասին համարձակօրէն վկայելու։

ԵՐԳ 138

Անունդ Եհովա է

Գովերգէ՛ Եհովայի փառաւորեալ անունը եւ թող բոլոր մարդիկ գիտնան, թէ ի՛նքն է Բարձրեալը։

ԵՐԳ 139

Սորվեցուր անոնց որ հաստատուն կայնին

Եհովա Աստուծմէ խնդրէ, որ քեզ պաշտպանէ եւ օգնէ, որ կեանքի մրցավազքին մէջ հաւատարմօրէն յարատեւես։

ԵՐԳ 140

Ռահվիրային կեանքը

Սէրդ արտայայտէ Եհովային, սիրած կեանքիդ ու ուրախ գործիդ համար։

ԵՐԳ 141

Խաղաղասէր մարդիկը փնտռենք

Ուրախ երգ մարդոց հանդէպ մեր սիրոյն մասին, ինչպէս նաեւ Աստուծոյ թանկարժէք ոչխարները փնտռելու մասին։

ԵՐԳ 142

Ամէն տեսակ մարդոց քարոզենք

Եհովայի բարութեան մասին երգ մը։ Անիկա նաեւ կ’ընդգծէ թէ ինչպէ՛ս ամէն տեսակ մարդիկ կը հրաւիրենք որ Աստուած պաշտեն։

ԵՐԳ 143

Լոյս՝ խաւար աշխարհին մէջ

Այս մութ աշխարհին մէջ, Լուրը ճրագ է՝ անմար։

ԵՐԳ 144

Կեանքեր վտանգի տակ են

Պէտք է Աստուծոյ պատգամը քարոզենք քանի դեռ ժամանակ կայ։

ԵՐԳ 145

Պատրաստուինք քարոզելու

Երբեմն կ’ըսենք որ ի՜նչ լաւ կ’ըլլայ որ տունը պառկած մնանք։ Բայց կրնա՛նք ոյժ առնել եւ երթալ քարոզելու։

ԵՐԳ 146

Ինծի ըրիք

Յիսուս կ’ըսէ որ երբ մենք իր օծեալ եղբայրները սիրենք եւ անոնց օգնենք, իրեն օգնած ու սիրած կ’ըլլանք։

ԵՐԳ 147

Յատուկ սեփականութիւն

Եհովա Աստուած շատ կը սիրէ իր օծեալ որդիները։ Իսկ անոնք կ’ընեն ամէն բան որ Անոր հաճելի է։

ԵՐԳ 148

Քու անգին Որդիդ տուիր

Եհովային շնորհակալութիւն յայտնէ իր տուած ամէնէն թանկարժէք նուէրին համար։

ԵՐԳ 149

Փրկանքին համար երախտապարտ ենք

Յիսուսի ըրած կամաւ զոհողութիւնը կարեւոր պատճառ մըն է՝ Եհովային առյաւէտ երախտապարտ մնալու։

ԵՐԳ 150

Ծառայենք հոն՝ ուր մեծ կարիք կայ

Ցոյց տուր թէ պատրաստ ես Եհովային ծառայելու հոն՝ ուր որ ան յարմար կը տեսնէ։

ԵՐԳ 151

Աստուծոյ որդիները կը յայտնուին

Անհամբեր կը սպասենք այն օրուան, երբ Եհովան Քրիստոսին եղբայրները երկինք պիտի առնէ, որ միասնաբար յաղթեն եւ իրեն պէս վարձատրուին։

ԵՐԳ 152

Մեր Վէմը, մեր Յոյսը, մեր Ապաւէնը

Երբ կեանքի հոգերը վախ պատճառեն, Աստուած կրնայ մեր վէմը, յոյսը եւ ապաւէնը ըլլալ։

ԵՐԳ 153

Արդեօք ինչպէ՞ս կը զգաս

Արդեօք ինչպէ՞ս կը զգաս երբ ջանք ընես որ արժանաւորները փնտռես։

ԵՐԳ 154

Շարունակենք տոկալ

Այս երգը մեզի կ’օգնէ որ դժուարութիւններուն տոկանք եւ Եհովային հաւատարմօրէն ծառայենք մինչեւ վերջ։