Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երբ կեանքը անտանելի թուի

Երբ կեանքը անտանելի թուի

ԿԵԱՆՔԸ հրաշալի է, երբ ամէն բան լաւ կ’ընթանայ։ Բայց երբեմն դժուար պարագաները պատճառ կ’ըլլան, որ կեանքը անտանելի թուի։

Օրինակ, Միացեալ Նահանգներէն Սէլին *, որ զօրաւոր փոթորիկի պատճառով գրեթէ իր ամբողջ ունեցածը կորսնցուց, կը բացատրէ. «Զգացի որ ասկէ աւելի ճնշում չեմ կրնար տանիլ։ Շատ անգամ կը զգայի որ պիտի յանձնուիմ»։

Ուրիշ դժուար պարագայ մըն է՝ սիրելիի մը մահը։ Ճենիսը, որ Աւստրալիայի մէջ կ’ապրի, կ’ըսէ. «Երկու տղաքս կորսնցնելէ ետք, պէտք էր որ քայքայուած կեանքս ետ ձեւի բերէի։ Աստուծոյ աղաչեցի. ‘Հաճիս, սիրտս ասկէ աւելին չի կրնար վերցնել։ Կ’ուզեմ քնանալ եւ նորէն չարթննալ’»։

Իսկ Տանիէլը ջախջախուեցաւ, երբ իր կինը իրեն դաւաճանեց։ Ան կը բացատրէ. «Երբ կինս խոստովանեցաւ թէ անհաւատարիմ գտնուած էր, կարծես դանակ մը խոցեց սիրտս։ Կրկին անգամ այդ ֆիզիքական ցաւը զգացի, եւ ասիկա ամիսներ տեւեց»։

Դիտարան–ի այս թիւը պիտի քննարկէ, թէ ինչո՛ւ կ’արժէ շարունակել ապրիլ, նոյնիսկ երբ՝

Նա՛խ, նկատի առնենք թէ ի՛նչ կրնանք ընել երբ բնական աղէտ մը հարուածէ։

^ Այս յօդուածաշարքին մէջ կարգ մը անուններ փոխուած են։