Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 17

ԵՐԳ 75 Մեր ուրախութեան պատճառները

Հոգեւոր դրախտը բնաւ մի՛ ձգեր

Հոգեւոր դրախտը բնաւ մի՛ ձգեր

«Իմ ստեղծագործութիւնովս յաւիտեանս յաւիտենից ուրախացէ՛ք եւ ցնծացէ՛ք» (ԵՍԱ. 65։18

ՆԻՒԹ

Սորվէ թէ հոգեւոր դրախտը ինչպէ՛ս օգտակար է մեզի, եւ ինչպէ՛ս կրնանք այդ դրախտը գրաւիչ դարձնել ուրիշներուն։

1. Հոգեւոր դրախտը ի՞նչ է, եւ մենք ի՞նչ որոշած ենք ընել։

 ԱՅՍՕՐ երկրի վրայ այլաբանական դրախտ մը կայ, որ լեցուն է մարդոցմով, որոնք բարի բաներ ընելով զբաղած են եւ իսկական խաղաղութիւն կը վայելեն։ Անոնք որոնք արդէն այս դրախտին մէջ են, որոշած են ատկէ դուրս չելլել։ Անոնք նոյնիսկ կ’ուզեն որ կարելի եղածին չափ շատ մարդիկ իրենց միանան այս դրախտին մէջ։ Այս դրախտը հոգեւոր դրախտն է a։

2. Հոգեւոր դրախտը ինչո՞ւ հիանալի է։

2 Հիանալիօրէն, Եհովան այս այլաբանական դրախտը ստեղծած է, ուր իր ժողովուրդը խաղաղութեամբ եւ միութեամբ կ’ապրին, հակառակ անոր որ անոնք կ’ապրին Սատանային չար եւ վտանգաւոր աշխարհին մէջ, ուր մարդիկ իրար կ’ատեն (Ա. Յովհ. 5։19. Յայտ. 12։12)։ Մեր սիրալիր Աստուածը կը տեսնէ, որ այս աշխարհը որքա՜ն վնաս կը հասցնէ մարդոց, բայց Ան իր ծառաներուն ապահով կը զգացնէ, որպէսզի անոնք շարունակեն իրեն ուրախութեամբ ծառայել։ Իր Խօսքը այս հոգեւոր դրախտը կը նկարագրէ որպէս «ապաստանարան» եւ «ջրարբի պարտէզ» (Եսա. 4։6. 58։11)։ Այս դժուար վերջին օրերուն ընթացքին, Եհովային օրհնութեամբ, այս դրախտին մէջ ապրողները ուրախ եւ ապահով կը զգան (Եսա. 54։14. Բ. Տիմ. 3։1

3. Եսայի 65–րդ գլուխին մարգարէութիւնը առաջին անգամ ինչպէ՞ս կատարուեցաւ։

3 Եհովան Եսայի մարգարէին միջոցաւ նկարագրեց, որ հոգեւոր դրախտին մէջ կեանքը ինչպէ՛ս պիտի ըլլար։ Այս նկարագրութիւնը կրնաս գտնել Եսայի գրքին 65–րդ գլուխին մէջ։ Ատոր առաջին կատարումը եղաւ Ք.Ա. 537–ին, երբ զղջացած հրեաները Բաբելոնէն ազատ արձակուելով իրենց հայրենիքը վերադարձան։ Եհովան իր ժողովուրդը օրհնեց եւ անոնց օգնեց, որ քանդուած Երուսաղէմ քաղաքը դարձեալ գեղեցկացնեն եւ ատոր տաճարը շինեն, որպէսզի ատիկա նորէն Եհովան պաշտելու գլխաւոր տեղը դառնայ (Եսա. 51։11. Զաք. 8։3

4. Եսայի 65–րդ գլուխը ներկայիս ինչպէ՞ս կը կատարուի։

4 Եսայիի մարգարէութիւնը երկրորդ կատարում մը սկսաւ ունենալ Ք.Ե. 1919–ին, երբ Եհովան պաշտողները Մեծ Բաբելոնի գերութենէն ազատ արձակուեցան։ Անկէ ետք, հոգեւոր դրախտը սկսաւ զարգանալ ամբողջ աշխարհին մէջ։ Նախանձախնդիր քարոզիչներ սկսան շատ ժողովքներ կազմել եւ հոգեւոր պտուղ տալ։ Այսինքն՝ տղամարդիկ ու կիներ, որոնք ատեն մը վայրագ եւ անբարոյ էին, ‘նոր մարդը իրենց վրայ հագան, որ Աստուծոյ պատկերին պէս ստեղծուած է’ (Եփ. 4։24)։ Անշուշտ, Եսայիի նկարագրած շատ մը օրհնութիւնները բառացիօրէն պիտի կատարուին նոր աշխարհին մէջ։ Բայց հիմա իսկ հոգեւոր դրախտին մէջ շատ մը օրհնութիւններ կը վայելենք։ Եկէք նայինք թէ այս հոգեւոր դրախտը մեր վրայ ինչպէ՛ս կ’ազդէ եւ ինչո՛ւ պէտք չէ բնաւ ատկէ դուրս ելլենք։

ՀՈԳԵՒՈՐ ԴՐԱԽՏԻՆ ՄԷՋ ԵՂՈՂՆԵՐՈՒՆ ՎԻՃԱԿԸ

5. Եսայի 65։13–ին համաձայն, հոգեւոր դրախտին մէջ ի՞նչ կը վայելենք։

5 Առողջ եւ թարմացած։ Եսայիին մարգարէութիւնը ցոյց կու տայ, թէ ի՜նչ մեծ տարբերութիւն կայ հոգեւոր դրախտին մէջ ապրողներուն եւ ատկէ դուրս ապրողներուն միջեւ (կարդա՛ Եսայի 65։13)։ Եհովան առատապէս կը գոհացնէ իր ծառաներուն հոգեւոր պէտքերը։ Ան մեզի տուած է սուրբ հոգին, իր Խօսքը եւ առատ հոգեւոր սնունդ, որպէսզի կարենանք ‘ուտել, խմել եւ ուրախանալ’ (համեմատէ՛ Յայտնութիւն 22։17)։ Բայց հոգեւոր դրախտէն դուրս ապրողներուն պարագան շա՜տ տարբեր է։ Անոնք ‘անօթի կը մնան, ծարաւ կը մնան եւ կ’ամչնան’։ Այսինքն՝ անոնց հոգեւոր պէտքերը չեն գոհացուիր (Ամս. 8։11

6. Յովէլ 2։21-24–ը ինչպէ՞ս կը նկարագրէ Եհովային մեզի տուած հոգեւոր նուէրներէն ոմանք, եւ անոնք ինչպէ՞ս կրնան մեզի օգտակար ըլլալ։

6 Յովէլ իր մարգարէութեան մէջ կարգ մը կարեւոր բաներ յիշեց, օրինակ՝ ցորեն, գինի եւ ձէթ, ցոյց տալու համար թէ Եհովան առատօրէն կու տայ ի՛նչ բան որ իր ժողովուրդը պէտք ունի, մէջը ըլլալով՝ հոգեւոր սնունդ (Յվլ. 2։21-24)։ Օրինակի համար, ան մեզի կու տայ Սուրբ Գիրքը, ատոր վրայ հիմնուած հրատարակութիւնները, մեր կայքը, մեր ժողովները եւ մեր համաժողովները։ Մենք կրնանք այս հոգեւոր նուէրներէն ամէն օր օգտուիլ, եւ ատոր պատճառով հոգեւորապէս աւելի առողջ եւ թարմացած զգալ։

7. Մենք ինչո՞ւ ‘սրտի ուրախութիւն’ ունինք (Եսայի 65։14

7 Ուրախ եւ գոհունակ։ Աստուծոյ ժողովուրդը կրնայ ‘ցնծալ’, քանի որ Եհովային շատ երախտապարտ է (կարդա՛ Եսայի 65։14)։ Մենք ‘սրտի ուրախութիւն’ ունինք, քանի որ Աստուծոյ Խօսքին հաւատք զօրացնող ճշմարտութիւններն ու մխիթարող խոստումները գիտենք, ինչպէս նաեւ՝ հաստատ յոյս ունինք, քանի որ Քրիստոս մեզի համար մեռաւ։ Եւ երբ այս բաներուն մասին խօսինք մեր հոգեւոր եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ, ասիկա մեզի շատ կ’ուրախացնէ (Սաղ. 34։8. 133։1-3

8. Ուրիշ ի՞նչ երկու բաներ կը վայելենք հոգեւոր դրախտին մէջ։

8 Եհովային ժողովուրդը հոգեւոր դրախտին մէջ նաեւ կը վայելէ սէր ու միութիւն։ Այս սէրը, կամ՝ միութեան ‘կատարեալ կապը’, որ հիմա կը վայելենք, մեզի գաղափար մը կու տայ, թէ կեանքը ինչպէ՛ս պիտի ըլլայ նոր աշխարհին մէջ, ուր Եհովային ծառաները աւելի շատ սէր ու միութիւն պիտի վայելեն (Կող. 3։14, ՆԱ)։ Քրիստոնեայ քոյր մը կ’ըսէ, թէ ինք ի՛նչ նկատեց Եհովային ժողովուրդին մէջ, երբ առաջին անգամ անոնց հանդիպեցաւ։ «Չէի գիտեր ինչպէ՛ս ուրախ ըլլալ՝ նոյնիսկ ընտանիքիս մէջ։ Առաջին անգամ Եհովայի վկաներուն մէջ տեսայ, թէ սէրը ինչպէ՛ս գործերով ցոյց կը տրուի»։ Ան որ կ’ուզէ իրապէս ուրախ եւ գոհունակ ըլլալ, պէտք է որ հոգեւոր դրախտին մէջ ըլլայ։ Այս աշխարհը ի՛նչ աչքով ալ դիտէ Եհովային ծառաները, անոնք Եհովային տիեզերական ընտանիքին աչքին պատուական անուն ունին (Եսա. 65։15

9. Եսայի 65։16, 17–ն ի՞նչ կը խոստանայ։

9 Հանգիստ եւ հանդարտ։ Եսայի 65։14–ը կ’ըսէ, որ անոնք որոնք կը նախընտրեն հոգեւոր դրախտէն դուրս մնալ, ‘սրտի ցաւէ կ’աղաղակեն եւ հոգիի ճնշումէ կ’ոռնան’։ Ճիշդ է որ հոգեւոր դրախտին մէջ ալ Աստուծոյ ժողովուրդը կ’ունենայ ցաւեր եւ նեղութիւններ, բայց այդ նեղութիւնները ի վերջոյ պիտի ‘մոռցուին եւ Աստուծոյ աչքերէն ծածկուին’ (կարդա՛ Եսայի 65։16, 17)։ Եհովան մեր նեղութիւններուն վերջ պիտի դնէ եւ ժամանակի ընթացքին այդ գէշ յիշատակները լման պիտի անհետանան։

10. Ինչո՞ւ կը զգաս որ եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ ըլլալը օրհնութիւն մըն է (տե՛ս նաեւ նկարը)։

10 Նոյնիսկ հիմա հանգիստ կը զգանք երբ ժողովներու կ’երթանք, քանի որ հոն չենք կեդրոնանար այս չար աշխարհին սթրեսներուն վրայ։ Ասկէ զատ, մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն ալ կ’օգնենք որ հանգիստ զգան, երբ ցոյց կու տանք այսպիսի յատկութիւններ, օրինակ՝ սէր, խնդութիւն, խաղաղութիւն, քաղցրութիւն եւ հեզութիւն, որոնք հոգիին պտուղին մէկ մասն են (Գաղ. 5։22, 23)։ Մենք շատ երախտապարտ կը զգանք, որ Աստուծոյ կազմակերպութեան մաս կը կազմենք։ Անոնք որոնք հոգեւոր դրախտին մէջ կը մնան, պիտի տեսնեն որ Աստուած ապագային «նոր երկինք ու նոր երկիր» ընելու իր խոստումը լիովին պիտի կատարէ։

Հոգեւոր դրախտին մէջ, Աստուծոյ ընտանիքին մէկ մասը ըլլալը օրհնութիւն մըն է (տե՛ս պարբերութիւն 10) c


11. Եսայի 65։18, 19–ի համաձայն, Եհովայի ստեղծած հոգեւոր դրախտը ինչպէ՞ս պէտք է ազդէ մեզի։

11 Երախտապարտ եւ խանդավառ։ Եսային մեզի կ’ըսէ թէ ի՛նչ պատճառ ունինք որ ‘ուրախանանք եւ ցնծանք’ հոգեւոր դրախտին մէջ։ Քանի որ Եհովա՛ն ստեղծած է այս հոգեւոր միջավայրը (կարդա՛ Եսայի 65։18, 19)։ Եւ զարմանալի չէ որ ան մեզ կը գործածէ, որպէսզի մարդոց օգնենք որ այս աշխարհի հոգեւորապէս չորցած կազմակերպութիւններէն դուրս ելլեն եւ մեր գեղեցիկ հոգեւոր դրախտը մտնեն։ Մենք շատ խանդավառ ենք, որ ճշմարտութեան մէջ ենք եւ անոր օրհնութիւնները կը վայելենք, եւ ասիկա կը ձգէ որ ատոր մասին ուրիշներուն խօսինք (Եր. 31։12

12. Եսայի 65։20-24–ի խոստումներուն նկատմամբ ի՞նչ կը զգաս, եւ ինչո՞ւ։

12 Քանի որ հոգեւոր դրախտին մէջ կ’ապրինք, մենք նաեւ երախտապարտ ու խանդավառ ենք այն բոլոր բաներուն համար, որ պիտի տեսնենք նոր աշխարհին մէջ։ Աստուածաշունչը կը խոստանայ. «Հոն անգամ մըն ալ՝ քիչ օր ապրող տղայ, կամ օրերը չլեցուած ծեր պիտի չըլլայ»։ Մենք ‘տուներ պիտի շինենք ու պիտի բնակինք, եւ այգիներ պիտի տնկենք ու անոնց պտուղը պիտի ուտենք’։ Մենք ‘պարապ տեղ պիտի չաշխատինք’, քանի որ «Տէրոջը օրհնածներ»ը պիտի ըլլանք։ Եհովան կը խոստանայ որ ապահով, իմաստալից եւ նպատակ ունեցող կեանք մը պիտի ունենանք։ Մենք «դեռ չկանչած», Եհովան պիտի գիտնայ ամէն մէկս ինչի՛ պէտք ունի եւ ‘ամէն կենդանիի փափաքը պիտի լեցնէ’ (Եսա. 65։20-24. Սաղ. 145։16

13. Եսայի 65։25–ը ինչպէ՞ս կը նկարագրէ այն փոփոխութիւնները, որոնք մարդիկ կ’ընեն երբ կը սկսին Եհովային ծառայել։

13 Խաղաղ եւ ապահով։ Շատեր որոնք ժամանակին կռուազան եւ վայրագ էին, սուրբ հոգիին օգնութեամբ մեծ փոփոխութիւններ ըրած են իրենց կեանքին մէջ (կարդա՛ Եսայի 65։25)։ Անոնք շատ ջանք թափած են, որ իրենց գէշ բնաւորութիւնները փոխեն (Հռով. 12։2. Եփ. 4։22-24)։ Անշուշտ, մենք դեռ անկատար ենք եւ պիտի շարունակենք սխալներ ընել։ Բայց Եհովան ամէն տեսակի անձեր մէկտեղ բերած է, որոնք թէ զինք եւ թէ իրար կը սիրեն, եւ ասոր համար իրական խաղաղութիւն եւ միութիւն կը վայելեն (Տիտ. 2։11)։ Միայն ամենակարող Աստուածը կրնայ այսպիսի հրաշք մը ընել։

14. Եսայի 65։25–ը ինչպէ՞ս կիրարկուեցաւ եղբօր մը պարագային։

14 Մարդիկ իրապէս կրնա՞ն իրենց բնաւորութիւնը փոխել։ Նկատի առ այս փորձառութիւնը։ Երիտասարդ մը անբարոյ եւ վայրագ կեանք մը կ’ապրէր եւ երբ 20 տարեկան եղաւ, արդէն իսկ քանի մը անգամ բանտ մտած–ելած էր։ Ան ինքնաշարժներ կը գողնար ու տուներ կը կողոպտէր, ինչպէս նաեւ ուրիշ լուրջ ոճիրներ կը գործէր։ Ան միշտ պատրաստ էր ոեւէ մէկու մը հետ կռուելու։ Երբ առաջին անգամ ճշմարտութիւնը լսեց եւ սկսաւ Եհովայի վկաներուն ժողովներուն երթալ, համոզուեցաւ որ իր կեանքին մէջ նպատակ մը գտած էր, որ էր՝ Եհովան պաշտել հոգեւոր դրախտին մէջ։ Իր մկրտութենէն ետք, ան շատ անգամ կը մտածէր, թէ Եսայի 65։25–ը ինչպէ՛ս կիրարկուած էր իր պարագային։ Ան այլեւս առիւծի պէս վայրագ չէր, հապա՝ ոչխարի պէս խաղաղ անձ մը։

15. Ինչո՞ւ կ’ուզենք ուրիշներուն օգնել, որ հոգեւոր դրախտին միանան, եւ ինչպէ՞ս կրնանք ասիկա ընել։

15 Եսայի 65։13–ը կը սկսի ըսելով. «Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ»։ Իսկ 25–րդ համարը կը վերջանայ այս բառերով. «Կ’ըսէ Տէրը»։ Եհովային խոստումները միշտ կ’իրականանան (Եսա. 55։10, 11)։ Հոգեւոր դրախտը արդէն գոյութիւն ունի։ Եհովան ստեղծած է շատ յատուկ եղբայրութիւն մը։ Եւ որովհետեւ իր ընտանիքին մաս կը կազմենք, որոշ չափով խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն կը վայելենք այս վայրագ աշխարհին մէջ (Սաղ. 72։7)։ Ասոր համար, կ’ուզենք կարելի եղածին չափ շատ մարդոց օգնել, որ միանան մեր եղբայրութեան։ Կրնանք այս մէկը ընել, երբ կեդրոնանանք աշակերտելու վրայ (Մատ. 28։19, 20

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆՔ ՀՈԳԵՒՈՐ ԴՐԱԽՏԸ ԳՐԱՒԻՉ ԴԱՐՁՆԵԼ ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒՆ

16. Ի՞նչ բանը հոգեւոր դրախտը գրաւիչ կը դարձնէ։

16 Ամէն մէկս կրնայ հոգեւոր դրախտը գրաւիչ դարձնել ուրիշներուն։ Ինչպէ՞ս։ Եհովան ընդօրինակելով։ Ան մարդիկը չի ստիպեր, որ իր կազմակերպութեան գան։ Հապա, մեղմ կերպով մարդիկը իրեն ‘կը քաշէ’ (Յովհ. 6։44. Եր. 31։3)։ Երբ բարի սիրտ ունեցող մարդիկ Եհովային մասին սորվին, Եհովային սէրն ու գրաւիչ յատկութիւնները ինքնաբերաբար զանոնք իրեն կը քաշեն։ Իսկ մենք ինչպէ՞ս կրնանք մեր լաւ յատկութիւններով հոգեւոր դրախտը գրաւիչ դարձնել ուրիշներուն։

17. Ինչպէ՞ս կրնանք հոգեւոր դրախտը գրաւիչ դարձնել ուրիշներուն։

17 Մենք քանի մը կերպերով կրնանք հոգեւոր դրախտը գրաւիչ դարձնել մարդոց։ Առաջին, երբ մեր եղբայրներուն հետ սիրով եւ ազնուութեամբ կը վարուինք։ Երբ նորեկները սկսին ժողովներու գալ, կ’ուզենք անոնք զգան ինչ որ անցեալին Կորնթոսի մէջ անհաւատները զգացած ըլլալու էին, երբ սկսան ժողովներու գալ։ Անոնք ըսին. «Իրաւցնէ Աստուած ձեր մէջ է» (Ա. Կոր. 14։24, 25. Զաք. 8։23)։ Ուրեմն, պէտք է շարունակենք հետեւիլ այն խրատին, որ կ’ըսէ. «Իրարու հետ խաղաղութիւն ունեցէք» (Ա. Թես. 5։13

18. Ի՞նչ բան կրնայ կազմակերպութիւնը գրաւիչ դարձնել։

18 Երկրորդ, պէտք է միշտ փորձենք Եհովայի՛ն աչքով նայիլ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն։ Այսինքն՝ պէտք է անոնց լաւ յատկութիւններուն վրայ կեդրոնանանք, եւ ոչ թէ՝ գէշ յատկութիւններուն, որոնք ի վերջոյ պիտի անհետանան։ Երբ ‘իրարու հետ քաղցր ըլլանք, գթած եւ ներենք իրարու’, կրնանք մեր միջեւ եղած անհամաձայնութիւնները սիրով լուծել (Եփ. 4։32)։ Այսպիսով, հոգեւոր դրախտը գրաւիչ պիտի դառնայ այն անհատներուն, որոնք կ’ուզեն որ ուրիշները իրենց հետ այս կերպով վարուին b։

ՀՈԳԵՒՈՐ ԴՐԱԽՏԻՆ ՄԷՋ ՄՆԱ՛

19. ա) Ինչպէս որ յիշուած է « Անոնք ձգեցին–գացին, բայց ետ եկան» տուփին մէջ, կարգ մը մարդիկ ի՞նչ ըսին հոգեւոր դրախտ վերադառնալէ ետք։ բ) Ի՞նչ բանի մէջ պէտք է ջանք թափենք (տե՛ս նաեւ նկարը)։

19 Շատ կ’արժեւորենք մեր հոգեւոր դրախտը։ Որքա՛ն աւելի Եհովան պաշտողները կը շատնան ատոր մէջ, ատիկա այդքա՛ն աւելի գեղեցիկ կը դառնայ։ Շարունակենք երախտապարտ ըլլալ այս դրախտին համար, որ Եհովան մեզի համար ստեղծած է։ Ան որ կ’ուզէ գոհունակ, հանգիստ ու ապահով ըլլալ եւ թարմանալ, պէտք է հոգեւոր դրախտին միանայ եւ բնա՛ւ չձգէ զայն։ Բայց պէտք է շատ զգոյշ ըլլանք, որովհետեւ Սատանան ձեռքէն եկածը պիտի ընէ, որ հոգեւոր դրախտէն հեռանանք (Ա. Պետ. 5։8. Յայտ. 12։9)։ Պէտք չէ ձգենք որ Սատանան յաջողի։ Շատ ջանք թափենք որ հոգեւոր դրախտին գեղեցկութիւնը, մաքրութիւնը եւ խաղաղութիւնը պահպանենք։

Անոնք որոնք հոգեւոր դրախտին մէջ կը մնան, ապագային բառացի դրախտը պիտի վայելեն (տե՛ս պարբերութիւն 19)


Ի՞ՆՉ ԿԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԵՍ

  • Հոգեւոր դրախտը ի՞նչ է։

  • Հոգեւոր դրախտին մէջ ի՞նչ օրհնութիւններ կը վայելենք։

  • Ինչպէ՞ս կրնանք ատիկա գրաւիչ դարձնել ուրիշներուն։

ԵՐԳ 24 Շարունակէ՛ նայիլ մրցանակին

a ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ. «Հոգեւոր դրախտ»ը այն մթնոլորտն է, որ կը ստեղծուի, երբ Եհովան կը պաշտենք։ Այս հոգեւոր դրախտին մէջ, Եհովային եւ իրարու հետ խաղաղ փոխյարաբերութիւն կը վայելենք։

b jw.org կայքին վրայ դիտէ Ո՞ւր են հիմա. Ալենա Զիթնիքովա. Երազս ինչպէ՞ս իրականացաւ վիտէոն, եւ տես թէ քոյր մը ի՛նչ օրհնութիւններ վայելեց, երբ հոգեւոր դրախտը մտաւ։

c ՆԿԱՐ. Ժողովքին մէջ եղբայր մը միւսներէն հեռու նստած է, մինչ շատեր իրարու հետ կ’ընկերակցին։