Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Արիմաթացի Յովսէփ իր դիրքը կ’որոշէ

Արիմաթացի Յովսէփ իր դիրքը կ’որոշէ

ԱՐԻՄԱԹԱՑԻ ՅՈՎՍԷՓ չէր հաւատար որ ինչպէս քաջութիւն հաւաքած էր, որ Պոնտացի Պիղատոսին մօտենար։ Ամէն մարդ գիտէր որ այս հռոմայեցի կառավարիչը վերջին ծայր յամառ էր։ Բայց որպէսզի Յիսուս յարգալից կերպով թաղուէր, մէկը պէտք էր Յիսուսին մարմինը խնդրէր Պիղատոսէն։ Յովսէփ այս քայլը առաւ եւ Պիղատոսին առջեւ ներկայացաւ։ Ան չէր երեւակայեր որ հանդիպումը այսքան դիւրին պիտի անցնէր։ Պիղատոս նախ հարիւրապետէն վստահ եղաւ որ Յիսուս մահացած էր, եւ ետքը Յովսէփին արտօնութիւն տուաւ։ Յովսէփին սիրտը տակաւին կտոր–կտոր էր եւ ան շուտով գնաց ուր որ Յիսուս մահացած էր (Մար. 15։42-45

  • Արիմաթացի Յովսէփ ո՞վ էր։

  • Ան ի՞նչ փոխյարաբերութիւն ունէր Յիսուսին հետ։

  • Եւ ինչո՞ւ կ’արժէ որ իր պատմութեամբ հետաքրքրուիս։

ՍԵՆԵՏՐԻՈՆԻՆ ԱՆԴԱՄՆԵՐԷՆ ՄԷԿԸ

Մարկոս Աւետարանը Յովսէփը կը կոչէ՝ «երեւելի խորհրդական մը»։ Հոս, խորհրդարանը Սենետրիոնէն զատ ուրիշ բան մը չի կրնար ըլլալ, որ հրէական բարձրագոյն ատեանը եւ գերագոյն վարչական մարմինն էր (Մար. 15։1, 43)։ Այսպիսով, Յովսէփ ժողովուրդին առաջնորդներէն մէկն էր։ Ուրեմն կրնանք հասկնալ, որ ան ինչպէ՛ս կրցաւ այս հռոմայեցի կառավարիչին առջեւ ներկայանալ։ Չենք զարմանար որ Յովսէփ նաեւ հարուստ էր (Մատ. 27։57

Քաջութիւնը ունի՞ս որ յայտնես թէ Յիսուս քու Թագաւորդ է

Սենետրիոնը որպէս խումբ Յիսուսին հակառակ էր։ Ատոր անդամները ծրագրեցին որ զինք մեռցնեն, բայց Յովսէփ տարբեր էր Սենետրիոնի անդամներուն մեծամասնութենէն։ Իր մասին կ’ըսուի որ «բարի ու արդար մարդ մը»ն էր (Ղուկ. 23։50)։ Ան պարկեշտ եւ բարոյապէս մաքուր էր, եւ իր լաւագոյնը կ’ընէր որ Աստուծոյ հնազանդէր։ Ան նաեւ «Աստուծոյ թագաւորութեանը կը սպասէր», եւ թերեւս ասոր պատճառաւ է որ Յիսուսի աշակերտը դարձաւ (Մար. 15։43. Մատ. 27։57)։ Շատ հաւանաբար, Յիսուսի քարոզած պատգամը զինք գրաւեց, քանի որ անկեղծօրէն ճշմարտութիւն եւ արդարութիւն կը փնտռէր։

ԳԱՂՏՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏ ՄԸ

Յովհաննէս 19։38–ը կ’ըսէ որ Յովսէփ «Յիսուսի աշակերտը եղած [էր]՝ բայց գաղտուկ՝ Հրեաներուն վախէն»։ Յովսէփ ինչէ՞ն կը վախնար։ Ան գիտէր որ հրեաները ցած աչքով կը նայէին Յիսուսին, եւ միտքերնին դրած էին ժողովարանէն վռնտել ամէն ով որ իրեն կը հաւատար (Յովհ. 7։45-49. 9։22)։ Ժողովարանէն վռնտուիլ կը նշանակէր որ հրեաները զինք պիտի արհամարհէին, մարդու տեղ պիտի չդնէին եւ իրենց մէջ պիտի չընդունէին։ Ասոր համար, Յովսէփ կը քաշուէր ամէնուն առջեւ խոստովանելու որ Յիսուսին կը հաւատար, որպէսզի իր դիրքը եւ համբաւը չկորսնցնէր։

Ուրիշներ ալ կային որ Յովսէփին պարագան ունէին։ Յովհաննէս 12։42–ը կ’ըսէ. «Իշխաններէն ալ շատեր [Յիսուսին] հաւատացին, բայց փարիսեցիներէն վախնալով զայն չէին դաւաներ, որպէս զի ժողովարանէն դուրս չձգուին»։ Օրինակ, Նիկոդէմոս ալ նոյն պարագան ունէր, որ Սենետրիոնին մէջ անդամ էր (Յովհ. 3։1-10. 7։50-52

Անդին, Յովսէփ աշակերտ էր, բայց մարդոց առջեւ չէր յայտներ այս մէկը։ Ասիկա լուրջ խնդիր մըն էր, մանաւանդ որ Յիսուս ըսաւ. «Ով որ մարդոց առջեւ զիս կը դաւանի, ես ալ զանիկա պիտի դաւանիմ Հօրս առջեւ՝ որ երկինքն է։ Եւ ով որ մարդոց առջեւ զիս կ’ուրանայ, ես ալ զանիկա պիտի ուրանամ իմ Հօրս առջեւ՝ որ երկինքն է» (Մատ. 10։32, 33)։ Ճիշդ է որ Յովսէփ չուրացաւ Յիսուսը, բայց ոչ ալ քաջութիւնը ունէր որ խոստովանէր իր հաւատքը։ Իսկ դուն, ունի՞ս այս քաջութիւնը։

Բայց Յովսէփ լաւ բան մը ըրաւ։ Սուրբ Գիրքը կը ցուցնէ թէ երբ Սենետրիոնը Յիսուսին դէմ ծրագրեց, Յովսէփ թիկունք չկանգնեցաւ անոնց (Ղուկ. 23։51)։ Ինչպէս որ ոմանք կ’ըսեն, թերեւս ան ներկայ չէր Յիսուսին դատավարութեան ատեն։ Ամէն պարագայի, վստահաբար Յովսէփին սիրտը կտոր–կտոր եղաւ երբ այդ սարսափելի անարդարութիւնը տեսաւ։ Բայց անոր ձեռքէն բան մը չէր գար։

ԱՅԼԵՒՍ ԵՐԿՈՒ ՄԻՏՔԻ ՎՐԱՅ ՉԷ

Յիսուսի մահուան վրայ, Յովսէփ արդէն իսկ իր վախերը մէկ կողմ դրած էր եւ որոշած էր թիկունք կանգնիլ Յիսուսի հետեւորդներուն։ Ասիկա յայտնի է Մարկոս 15։43–ին մէջ, որ կ’ըսէ. «Յովսէփ. . . եկաւ ու համարձակելով՝ Պիղատոսին քով մտաւ եւ Յիսուսին մարմինը խնդրեց»։

Այնպէս կ’երեւի թէ Յովսէփ ներկայ էր, երբ Յիսուս մեռաւ։ Ան նոյնիսկ Պիղատոսէն առաջ գիտէր որ Յիսուս մահացած էր։ Ասոր համար է որ երբ ան Յիսուսին մարմինը խնդրեց, «Պիղատոս զարմացաւ որ [Յիսուս] արդէն մեռած է» (Մար. 15։44)։ Եթէ Յովսէփ տեսած էր թէ Յիսուս ինչպէ՛ս չարչարուեցաւ ցիցին վրայ, արդեօք այդ սարսափելի տեսարանը իր խիղճը շարժե՞ց եւ իրեն քաջութիւն տուա՞ւ որ բոլորին առջեւ խոստովանի որ Յիսուսին աշակերտն է։ Ասիկա կարելի է։ Ան գործի մղուեցաւ։

ՅՈՎՍԷՓ ԿԸ ԹԱՂԷ ՅԻՍՈՒՍԸ

Ըստ հրէական օրէնքին, մահուան դատապարտուողը պէտք էր որ արեւամուտէն առաջ թաղուէր (Բ. Օր. 21։22, 23)։ Իսկ հռոմայեցիները անոր մարմինը ցիցին վրայ կը ձգէին մինչեւ որ փտի, կամ ալ զայն հասարակ գերեզման մը կը նետէին։ Բայց Յովսէփ չէր ուզեր որ ասիկա պատահի Յիսուսին։ Ան ժայռի մէջ փորուած նոր գերեզման մը ունէր, Յիսուսին մահացած տեղին մօտ։ Ատիկա տակաւին չէր գործածուած, ինչ որ կրնայ ցուցնել թէ Յովսէփ Արիմաթիայէն * նոր փոխադրուած էր Երուսաղէմ, եւ թէ ան կ’ուզէր այդ տեղը գործածել որպէս ընտանեկան գերեզմանատուն (Ղուկ. 23։53. Յովհ. 19։41)։ Յովսէփ առատաձեռնութեամբ Յիսուսը թաղեց իր ապագայ գերեզմանին մէջ, եւ այսպիսով կատարուեցաւ այն մարգարէութիւնը, թէ Մեսիան «հարուստին հետ» պիտի թաղուէր (Եսա. 53։5, 8, 9

Կա՞յ բան մը, որուն աւելի կարեւորութիւն կու տաս քան՝ Եհովային հետ փոխյարաբերութեանդ

Չորս Աւետարաններն ալ կ’ըսեն որ երբ Յիսուսին մարմինը ցիցէն իջեցուցին, Յովսէփ մարմինը լաւ տեսակի կտաւով փաթթեց եւ իր գերեզմանը դրաւ (Մատ. 27։59-61. Մար. 15։46, 47. Ղուկ. 23։53, 55. Յովհ. 19։38-40)։ Միայն Նիկոդէմոսին մասին մասնաւորաբար կ’ըսուի, որ Յովսէփին օգնեց՝ թաղման բոյրեր բերելով։ Այս երկուքը երեւելի անձեր էին։ Ուրեմն շատ հաւանաբար անոնք անձամբ չփոխադրեցին մարմինը, հապա՝ ծառաներ բերին որ մարմինը շալկեն ու թաղեն։ Նոյնիսկ այս պարագային, այս երկուքին ըրածը չնչին բան մը չէր։ Ամէն անձ որ դիակի մը դպչէր, եօթը օր անմաքուր կ’ըլլար, եւ իր դպչած բաները անմաքուր կը դառնային (Թւ. 19։11. Ան. 2։13)։ Այս պարագային, այս երկուքը ուրիշներէն հեռու պիտի մնային Պասեքին շաբաթը, եւ անոր բոլոր սովորութիւններէն եւ տօնակատարութիւններէն պիտի զրկուէին (Թւ. 9։6)։ Նաեւ հաւանականութիւն կար որ Սենետրիոնին անդամները Յովսէփը ծաղր ընէին, քանի որ Յիսուսին թաղումին օգնեց։ Բայց Յովսէփ կ’ուզէր յարգալից կերպով թաղել Յիսուսը եւ ուրիշներուն յայտնի ընել որ Քրիստոսին աշակերտներէն մէկն էր։ Ան այլեւս բոլոր հետեւանքները աչքը առած էր։

ՅՈՎՍԷՓԻՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐՋԸ

Սուրբ Գիրքը Յիսուսին թաղման պատմութենէն դուրս բան մը չ’ըսեր արիմաթացի Յովսէփին մասին։ Հարցում մը կը ծագի. իրեն ի՞նչ պատահեցաւ։ Իրականութեան մէջ, չենք գիտեր։ Բայց ինչ որ մինչեւ հիմա նկատի առինք կը ցուցնէ, որ ան շատ հաւանաբար ուրիշներուն յայտնեց որ քրիստոնեայ է։ Ինչո՞ւ այսպէս կ’ըսենք։ Քանի որ տեսանք թէ երբ ան փորձութեան եւ նեղութեան մէջ էր, իր հաւատքն ու համարձակութիւնը աւելցան։ Ասիկա լաւ նշան մըն էր։

Այս պատմութեան համաձայն հարցում մը կը ծագի, որուն մասին լաւ կ’ըլլայ որ խորապէս մտածենք։ Կա՞յ բան մը,– ըլլայ դիրք, գործ, ստացուածքներ, ընտանեկան կապեր կամ նոյնիսկ մեր ազատութիւնը,– որուն աւելի կարեւորութիւն կու տանք քան՝ Եհովային հետ մեր փոխյարաբերութեան։

^ պարբ. 18 Կ’ենթադրուի թէ Արիմաթիան Ռաման էր, որ հիմակուան Ռէնդիսն է։ Ասիկա Սամուէլ մարգարէին ապրած տեղն էր, որ Երուսաղէմին հիւսիս–արեւմուտքը կը գտնուէր՝ շուրջ 35 քմ. հեռաւորութեամբ (Ա. Թագ. 1։19, 20