Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ի՞նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը

Ի՞նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը

Ի՞նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը։

ՈՄԱՆՔ ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՆ թէ ատիկա կը ներկայացնէ՝ մէկու մը սրտին մէջ Աստուծոյ իշխանութիւնը։ Ուրիշներ կը կարծեն թէ ատիկա արդիւնքն է մարդոց թափած ջանքերուն, որ համաշխարհային խաղաղութիւն եւ եղբայրութիւն բերեն։ Դուն ի՞նչ կը կարծես։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ Կ’ԸՍԷ

«Երկնքի Աստուածը ուրիշ թագաւորութիւն մը պիտի հանէ, որ յաւիտեան պիտի չաւերուի. . . Անիկա այս բոլոր [մարդկային] թագաւորութիւնները պիտի փշրէ ու պիտի հատցնէ» (Դանիէլ 2։44)։ Ուրեմն, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը իրական կառավարութիւն մըն է։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԷՆ ԱՅԼ ԿԷՏԵՐ

Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ե՞րբ պիտի գայ։

Ի՞ՆՉ Կ’ԸՍԵՍ

  • Մէկը չի գիտեր

  • Մօտ օրէն

  • Ո՛չ մէկ ատեն

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ Կ’ԸՍԷ

«Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ վերջը պիտի գայ» (Մատթէոս 24։14)։ Երբ աւետարանը կամ բարի լուրը լիովին քարոզուի, Թագաւորութիւնը պիտի գայ որպէսզի հիմակուան չար աշխարհին վերջ դնէ։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԷՆ ԱՅԼ ԿԷՏԵՐ

  • Երկրի վրայ մէկը չկայ որ գիտէ թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ե՛րբ պիտի գայ (Մատթէոս 24։36

  • Սուրբ Գիրքին մարգարէութիւնը կը ցուցնէ թէ Թագաւորութիւնը մօտ ատենէն պիտի գայ (Մատթէոս 24։3, 7, 12