Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՕԳՆՈՒԹԻՒՆ ՍԳԱՒՈՐՆԵՐՈՒՆ

Քեզի ի՛նչ կը սպասէ

Քեզի ի՛նչ կը սպասէ

Թէեւ կարգ մը մասնագէտներ կ’ըսեն, որ սիրելի մը կորսնցուցած անհատի մը հոգեկանը որոշ հանգրուաններէ կ’անցնի, բայց այդ հանգրուանները կը տարբերին անձէ անձ։ Ասիկա կը նշանակէ՞ որ կարգ մը մարդիկ աւելի քիչ կը տխրին կամ իրենց զգացումները «կը խեղդեն»։ Պայման չէ։ Ճիշդ է որ ցաւը արտայայտելը կրնայ բուժիչ ազդեցութիւն ունենալ, բայց սգալու միայն մէկ «ճիշդ կերպ» չկայ։ Ատիկա շատ կախեալ է անհատին մշակոյթէն, անձնաւորութենէն եւ կեանքի փորձառութիւններէն, ինչպէս նաեւ անոր սիրելիին մահուան կերպէն։

ՈՐՔԱ՞Ն ԳԷՇ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ

Անոնք որոնք սիրելի մը կը կորսնցնեն, թերեւս չգիտնան որ իրենց ի՛նչ կը սպասէ։ Բայց ակնկալելի է որ անոնք կարգ մը զգացումներ եւ դժուարութիւններ ունենան, ինչպէս որ սովորաբար կը պատահի։ Նկատի առ հետեւեալը.

Զգացումներու մէջ խեղդուած զգալ։ Անհատը կրնայ շատ լալ, մեռնողը կարօտնալ, ինչպէս նաեւ ատեն–ատեն իր տրամադրութիւնը կրնայ յանկարծ փոխուիլ։ Յիշատակներ միտք բերելը եւ երազներ տեսնելը կրնան աւելի գրգռել զգացումները։ Բայց սկիզբը, անհատին առաջին հակազդեցութիւնը կրնայ ըլլալ՝ ցնցուիլ եւ պատահածին չհաւատալ։ Դինան կը պատմէ թէ ինչպէ՛ս հակազդեց երբ իր ամուսինը՝ Թիմոն մահացաւ. «Սկիզբը քարացայ։ Նոյնիսկ չկրցայ լալ։ Այնքան ընկճուած կը զգայի որ ատեններ չէի կրնար շունչ առնել։ Չէի կրնար հաւատալ որ ան մահացաւ»։

Նաեւ սովորական է մտահոգ եւ յանցաւոր զգալ ու բարկանալ։ Իվան կ’ըսէ. «Մեր 24 տարեկան տղուն՝ Էրիքին մահէն ետք, ես ու կինս՝ Եոլանտան, որոշ ժամանակ մը շատ բարկացած էինք։ Ասիկա մեզ զարմացուց, քանի որ մենք մեզ բնաւ ջղային անհատներ չէինք նկատեր։ Յանցաւոր ալ զգացինք, մտածելով որ արդեօք աւելի բաներ պէ՞տք էր ընէինք մեր տղուն օգնելու համար»։ Ալեխանտրոն ալ յանցաւոր զգաց, երբ իր կինը մահացաւ երկարատեւ հիւանդութենէ մը ետք։ Ան կ’ըսէ. «Սկիզբը զգացի որ գէշ անձ մը ըլլալու եմ, որ Աստուած կը ձգէ որ այսչափ չարչարուիմ։ Ետքը, յանցաւոր զգացի, քանի որ կարծես թէ Աստուած կը մեղադրէի պատահածին համար»։ Իսկ Քոսթասը, որ նախորդ յօդուածին մէջ նշուեցաւ, կ’ըսէ. «Քանի մը անգամ նոյնիսկ բարկացայ Սոֆիային դէմ, քանի որ մեռաւ։ Ետքը, յանցաւոր զգացի ատանկ զգալուս, քանի որ մեռնիլը իր ձեռքը չէր»։

Կրկնուող խանգարիչ միտքեր եւ կեդրոնացումի պակաս։ Կան հանգրուաններ, երբ սգաւորին մտածումները կրնան անկայուն կամ անտրամաբանական ըլլալ։ Օրինակ, ան թերեւս երեւակայէ որ ինք մեռած անհատը կը տեսնէ, կը լսէ կամ կը զգայ անոր ներկայութիւնը։ Կամ թերեւս սգաւորը դժուարութիւն ունենայ կեդրոնանալու կամ որոշ բաներ յիշելու։ Դինան կ’ըսէ. «Ատեններ մինչ մէկու մը հետ կը խօսէի, միտքս կը ցրուէր։ Կը սկսէի մտածել Թիմոյին մահուան հետ կապ ունեցող դէպքերուն մասին։ Կեդրոնացում չունենալը ինքնին նեղացուցիչ էր»։

Ուզել մինակ մնալ։ Սիրելի մը կորսնցնող անհատը կրնայ ջղագրգիռ ըլլալ կամ հանգիստ չզգալ ուրիշներու ներկայութեան։ Քոսթաս կ’ըսէ. «Երբ զոյգերու հետ ըլլայի, ինքզինքս աւելորդ կը զգայի։ Բայց ամուրի անձերուն հետ ալ նոյն բանը կը զգայի»։ Իվանին կինը՝ Եոլանտան կը պատմէ. «Շատ դժուար էր անհատներու հետ ըլլալ, որոնք կը գանգատէին խնդիրներու մասին, որոնք չնչին էին՝ մերինին հետ բաղդատած։ Նաեւ կային անձեր, որոնք մեզի կը պատմէին իրենց զաւակներուն յաջողութիւններուն մասին։ Անոնց համար կ’ուրախանայի, բայց միեւնոյն ատեն դժուար էր անոնց մտիկ ընելը։ Ամուսինս եւ ես ըմբռնած էինք որ կեանքը կը շարունակուի, բայց պարզապէս այդ խօսակցութիւններուն սիրտ չունէինք»։

Առողջապահական խնդիրներ։ Սովորական է որ անհատին ախորժակը, կշիռը եւ քունը խանգարուին։ Արոն կը պատմէ թէ այն տարին որ իր հայրը մահացաւ ի՛նչ պատահեցաւ իրեն. «Քնանալու դժուարութիւն ունէի։ Ամէն գիշեր նոյն ժամուն կ’արթննայի եւ հօրս մահուան մասին կը մտածէի»։

Ալեխանտրոն կ’ըսէ որ առողջապահական տարօրինակ խնդիրներ ունեցաւ. «Քանի մը անգամ բժիշկի գացի եւ ամէն անգամ զիս քննելէ ետք կ’ըսէր որ առողջ եմ։ Ենթադրեցի որ վի՛շտս կը պատճառէր որ հիւանդութեան նշաններ ունենամ»։ Ի վերջոյ, այդ ախտանիշները անհետացան, բայց Ալեխանտրոն բժիշկի երթալով իմաստութեամբ վարուեցաւ, քանի որ վիշտը կրնայ մարմնին դիմադրողականութիւնը տկարացնել, առողջապահական խնդիր մը բարդացնել կամ նոյնիսկ առողջապահական նոր խնդիր մը պատճառել։

Դժուարանալ անհրաժեշտ գործեր ընելու։ Իվան կը պատմէ. «Էրիքին մեռնելէն ետք պէտք էր ոչ միայն մեր ազգականներուն եւ բարեկամներուն լուր տայինք, հապա նաեւ ուրիշներու, ինչպէս՝ իր գործատիրոջ եւ իր տանտէրին։ Նաեւ կային շատ մը օրինական փաստաթուղթեր, որ պէտք էր լեցնէինք։ Ետքը, պէտք էր աչքէ անցընէինք Էրիքին ապրանքները։ Բոլոր այս բաները կեդրոնացում կը պահանջէին, մինչ մենք յոգնած էինք մտովին, ֆիզիքապէս եւ զգացականօրէն»։

Բայց ոմանք բուն դժուարութիւնը ետքը կ’ունենան, երբ կը ստիպուին ընել բաներ, որ նախապէս իրենց մահացած սիրելին կ’ընէր։ Ասիկա պատահեցաւ Դինային։ Ան կը բացատրէ. «Միշտ Թիմոն հոգ կը տանէր հաշիւներու եւ գործի վերաբերեալ հարցերուն։ Ատիկա այլեւս ի՛մ պատասխանատուութիւնս էր, ինչ որ ա՛լ աւելի աւելցուց սթրեսս։ Մտածեցի որ արդեօք կրնա՞մ բոլոր ատոնց հետ գլուխ ելլել»։

Վերը նշուած զգացական, մտային եւ ֆիզիքական դժուարութիւնները այն տպաւորութիւնը կու տան, որ այս վիշտին հետ գլուխ ելլելը չափէ դուրս դժուար է։ Ճիշդ է որ սիրելիի մը մահը մեծ ցաւ կը պատճառէ, բայց ասիկա սկիզբէն գիտնալը կ’օգնէ սգաւորներուն, որ գլուխ ելլեն իրենց ցաւին հետ։ Նաեւ միտքդ պահէ որ բոլորը չեն որ վերոնշեալ բոլոր խնդիրները կ’ունենան։ Ասկէ զատ, սգաւորները թերեւս քիչ մը մխիթարուին գիտնալով, որ սուգին պատճառած զօրաւոր զգացումները բնական են։

ՆՈՐԷՆ ՈՒՐԱԽ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱ՞Մ

Ի՞նչ կրնաս ակնկալել։ Սիրելիի մը մահուան պատճառած ցաւը յաւիտեան չի տեւեր։ Ատիկա ի վերջոյ կը թեթեւնայ։ Ասիկա չի նշանակեր որ հարցը լման վերջ կը գտնէ կամ անհատը իր սիրելին կը մոռնայ։ Բայց այդ սուր ցաւը քիչ–քիչ կը պակսի։ Ճիշդ է որ ատիկա կրնայ մէջտեղ ելլել որոշ առիթներով, ինչպէս՝ երբ անհատին միտքը կու գան կարգ մը յիշատակներ կամ երբ իր ամուսնութեան տարեդարձը ըլլայ, բայց մարդոց մեծամասնութիւնը ի վերջոյ իրենց զգացական հաւասարակշռութիւնը կը գտնեն եւ ետ կը սկսին կեդրոնանալ կեանքին առօրեայ գործունէութիւններուն վրայ։ Սգաւորը ասոր մէջ կը յաջողի մանաւանդ երբ գործնական քայլեր կ’առնէ, ինչպէս նաեւ երբ իր ընտանիքը կամ բարեկամները իրեն թիկունք կը կանգնին։

Որքա՞ն երկար պիտի տեւէ։ Կարգ մը մարդոց համար քանի մը ամիս կ’առնէ, որ սուգին ամէնէն գէշ հանգրուաններէն դուրս ելլեն։ Շատեր մէկ–երկու տարի ետք է որ կը սկսին լաւ զգալ։ Իսկ ոմանք ա՛լ աւելի ժամանակ կ’ուզեն *։ Ալեխանտրոն կ’ըսէ. «Ինծի հետ շուրջ երեք տարի առաւ»։

Քու անձիդ հանդէպ համբերութիւն ունեցիր։ Օրը օրին ապրէ, կարողութեանդ համաձայն գործէ եւ միտքդ պահէ որ սուգին պատճառած ցաւը յաւիտեան չի տեւեր։ Բայց արդեօք կա՞ն բաներ որ կրնաս ընել, որպէսզի ցաւը թեթեւցնես եւ նոյնիսկ չձգես որ անտեղիօրէն երկար տեւէ։

Սիրելիի մը մահուան պատճառած զօրաւոր զգացումները բնական են

^ պարբ. 17 Շատ քիչ թիւով անձերու քով սուգին պատճառած վիշտը այնքա՛ն զօրաւոր կ’ըլլայ եւ երկար կը տեւէ, որ կ’առաջնորդէ «բարդ» կամ «երկարատեւ» վիշտի։ Այսպիսի անձեր թերեւս մտային առողջութեան մասնագէտի մը օգնութեան պէտք ունենան եւ ատկէ օգտուին։