Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուծոյ ծառայելը իր դեղն է

Աստուծոյ ծառայելը իր դեղն է

Երբ երկու ռահվիրաներ Քենիայի մէջ տուն մը մտան, ապշեցան տեսնելով անկողինի վրայ երկնցած փոքրակազմ տղամարդ մը։ Ան շատ պզտիկ իրան եւ կարճ թեւեր ունէր։ Երբ անոր իմացուցին Աստուծոյ խոստումը, թէ «կաղը եղջերուի պէս պիտի ցատկռտէ», ան մեծ ժպիտով հակազդեց (Եսա. 35։6

Ռահվիրաները իմացան որ Օնէսմըսը ի ծնէ անկատար ոսկրածնութեան հիւանդութիւնը ունի, ինչ որ իր ոսկորները շատ փխրուն կը դարձնէ, եւ ամէնէն թեթեւ ճնշումը կրնայ կոտրուածք պատճառել։ Քանի որ այս հիւանդութեան բուժում չկայ, ան իր օրը ցաւերով կ’անցընէ եւ միայն անուաթոռով մէկ տեղէն միւսը կը փոխադրուի։

Օնէսմըս Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը ընդունեց։ Բայց ժողովներու երթալու նկատմամբ, իր մայրը առարկեց՝ պատճառաբանելով որ ասիկա կրնար իրեն վնաս հասցնել ու յաւելեալ ցաւ պատճառել։ Ուստի, եղբայրները ժողովները արձանագրեցին, որպէսզի Օնէսմըս տունը անոնց մտիկ ընէ։ Հինգ ամիս ուսումնասիրելէ ետք, ան վտանգը աչք առնելով որոշեց ժողովներուն ներկայ գտնուիլ։

Ժողովներու ներկայ գտնուիլը Օնէսմըսի ցաւերը աւելցո՞ւց։ Ընդհակառա՛կը։ Ան կը պատմէ. «Ժողովներու ընթացքին իմ յարատեւ ցաւս կը թեթեւնար»։ Ան զգաց թէ իր նորագիւտ յոյսը պատճառ կը դառնար որ աւելի լաւ վիճակ ունենայ։ Օնէսմըսի մայրը նկատեց թէ ինչպէ՛ս իր տղուն տրամադրութիւնը փոխուեցաւ, եւ այնքա՜ն հրճուեցաւ որ ինք եւս ընդունեց Աստուածաշունչը ուսումնասիրել։ Ան կ’ըսէր. «Աստուծոյ ծառայելը իմ որդիիս դեղն է»։

Շատ չանցած, Օնէսմըս չմկրտուած հրատարակիչ եղաւ։ Ժամանակի ընթացքին, ան մկրտուեցաւ եւ այժմ կը ծառայէ որպէս օգնական ծառայ։ Թէեւ իր ոտքերը եւ ձեռքերէն մէկը չի կրնար գործածել, բայց Օնէսմըս վճռեց Եհովայի ծառայութեան մէջ իր լաւագոյնը տալ։ Ան կ’ուզէր ծառայել որպէս օժանդակ ռահվիրայ, բայց դիմումնագիր լեցնելու կը վարանէր։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ գիտէր թէ ամբողջովին կախեալ պիտի ըլլար ուրիշէ մը, որպէսզի իր անուաթոռը հրէ։ Երբ Օնէսմըս հաւատակիցներուն յայտնեց իր մտահոգութիւնը, անոնք խոստացան իրեն աջակցիլ, եւ իրապէս օգնեցին որ օժանդակ ռահվիրայութեան մասնակցի։

Անկէ ետք, Օնէսմըս փափաքեցաւ կանոնաւոր ռահվիրայ ըլլալ, բայց նոյն մտահոգութիւնը ունէր։ Առիթով մը, օրուան համարը իրեն հարկ եղած քաջալերութիւնը տուաւ։ Անիկա Սաղմոս 34։8–ն էր. «Ճաշակեցէ՛ք ու տեսէք թէ Տէրը բարի է»։ Համարին վրայ խոկալէ ետք, Օնէսմըս որոշեց կանոնաւոր ռահվիրայ ըլլալ։ Այժմ ան շաբաթը չորս օր կը քարոզէ եւ Աստուածաշունչի քանի մը աշակերտներ ունի, որոնք հոգեւորապէս կը յառաջդիմեն։ 2010–ին, ան յաճախեց Ռահվիրայական ծառայութեան դպրոցը։ Ան որքա՜ն ուրախ էր որ իր դասատուն այն եղբայրն էր, որ առաջին անգամ իրեն վկայեց։

Այժմ Օնէսմըս շուրջ 40 տարեկան է։ Իր ծնողքը մահացած են, բայց ժողովքի եղբայրներն ու քոյրերը իր առօրեայ պէտքերը կը հոգան։ Ան երախտապարտ է որ բազմաթիւ օրհնութիւններ կը վայելէ եւ անձկագին կը սպասէ այն օրուան, երբ ո՛չ ոք պիտի ըսէ. «Հիւանդ եմ» (Եսա. 33։24