Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ամէն մարդ Աստուած ճանչնալու համահաւասար պատեհութիւն ունի՞

Ամէն մարդ Աստուած ճանչնալու համահաւասար պատեհութիւն ունի՞

Ընթերցողները կը հարցնեն

Ամէն մարդ Աստուած ճանչնալու համահաւասար պատեհութիւն ունի՞

▪ Երբ Յիսուսի հարցուեցաւ թէ մեծագոյն պատուիրանը ի՛նչ էր, ան ըսաւ. «Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ» (Մատթէոս 22։37)։ Սակայն, որպէսզի մարդիկ կարենան Աստուած սիրել, հարկ է որ նա՛խ իրեն մասին ճշգրիտ գիտութիւն ստանան (Յովհաննէս 17։3)։ Արդեօք բոլորին համահաւասար պատեհութիւն պիտի տրուի՞ որ այս գիտութիւնը ձեռք ձգեն։

Աստուծոյ մասին գիտութիւն ստանալու գլխաւոր աղբիւրը Աստուածաշունչն է (Բ. Տիմոթէոս 3։16)։ Շատեր կ’ապրին համայնքներու մէջ, ուր Աստուածաշունչը դիւրաւ մատչելի է։ Այս անհատները նաեւ կրնան կրկին անգամ հրաւիրուիլ, որ Աստուածաշունչի անձնական ուսումնասիրութեամբ Աստուծոյ մասին ճշգրիտ գիտութիւն ձեռք ձգեն (Մատթէոս 28։19)։ Ոմանց ծնողները սիրալիր քրիստոնեաներ են, որոնք օրական իրենց զաւակներուն պատեհութիւն կու տան Աստուծոյ մասին սորվելու (Բ. Օրինաց 6։6, 7. Եփեսացիս 6։4

Սակայն ուրիշներ աննպաստ պայմաններու ներքեւ կ’ապրին։ Ոմանք բիրտ ընտանիքներէ կու գան, ուր ծնողներ իրենց զաւակներուն հանդէպ երբեք գութ չեն ցուցաբերեր (Բ. Տիմոթէոս 3։1-5)։ Այսպիսի միջավայրի մը մէջ մեծցող անհատներուն համար կրնայ դժուար ըլլալ, որ Աստուած սիրառատ երկնաւոր Հայր նկատեն։ Իսկ բաւարար ուսում չառնելով, շատեր Աստուածաշունչը կարդալու դժուարութիւն ունին։ Ուրիշներ թոյլ տուած են կրօնական սուտ ուսուցումներուն որ իրենց միտքը կուրցնեն, կամ կ’ապրին այնպիսի ընտանիքներու, համայնքներու կամ երկիրներու մէջ, ուր աստուածաշնչական ճշմարտութիւնը սորվեցնելը անհանդուրժելի է (Բ. Կորնթացիս 4։4)։ Այսպիսի անհատներու պարագաները պատճառ կ’ըլլա՞ն, որ Աստուծոյ մասին սորվելու եւ զինք սիրելու պատեհութիւնը չունենան։

Յիսուս հաստատեց թէ ոմանց դիմագրաւած մարտահրաւէրները պիտի դժուարացնեն Աստուած սիրելը եւ անոր հնազանդիլը (Մատթէոս 19։23, 24)։ Սակայն Յիսուս իր աշակերտներուն յիշեցուց, որ կարգ մը խոչընդոտներ անյաղթահարելի թուելով հանդերձ, «Աստուծոյ կողմէ ամէն բան կարելի է» (Մատթէոս 19։25, 26

Նկատի առ հետեւեալ իրողութիւնները. Եհովա Աստուած պատճառ եղած է որ իր Խօսքը՝ Աստուածաշունչը, ցարդ ամենաշատ տարածուած գիրքը ըլլայ։ Աստուածաշունչը նախագուշակեց, թէ Աստուծոյ մասին եւ երկրի առնչութեամբ իր նպատակին մասին բարի լուրը պիտի քարոզուէր «բովանդակ աշխարհի մէջ» (Մատթէոս 24։14)։ Ներկայիս՝ Եհովայի վկաները այդ բարի լուրը կը քարոզեն աւելի քան 230 երկիրներու մէջ եւ շուրջ 500 լեզուներով կ’արտադրեն Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած հրատարակութիւններ։ Նոյնիսկ անոնք, որոնք Աստուածաշունչ չունին, տակաւին կրնան ճշմարիտ Աստուծոյ մասին շատ բան սորվիլ՝ ստեղծուածները դիտելով (Հռովմայեցիս 1։20

Ասկէ զատ, Աստուծոյ Խօսքը կը նշէ. «Տէրը սրտերը կը քննէ ու ամէն մտքերու խորհուրդները կը ճանչնայ։ Եթէ զանիկա փնտռես՝ պիտի գտնես» (Ա. Մնացորդաց 28։9)։ Ուստի, թէեւ Եհովա չի խոստանար որ իւրաքանչիւր անհատ ճիշդ նոյն պատեհութիւնը պիտի ստանայ, բայց հոգ կը տանի որ բոլոր պարկեշտամիտ անհատներուն պատեհութիւն մը տրուի։ Ան նոյնիսկ վստահ պիտի ըլլայ, թէ անոնք որոնք բնաւ առիթը չեն ունեցած իր մասին սորվելու, արդար նոր աշխարհի մը մէջ յարութեան միջոցով պատեհութիւն պիտի ստանան (Գործք 24։15