Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուածային դատաստանները անգո՞ւթ էին

Աստուածային դատաստանները անգո՞ւթ էին

ԱՅՍ հարցումին պատասխանելու համար, հակիրճ կերպով կեդրոնանանք աստուածային դատաստանի երկու օրինակներու վրայ, որոնք արձանագրուած են Աստուածաշունչին մէջ. Նոյի օրուան Ջրհեղեղը եւ քանանացիներուն բնաջնջումը։

ՆՈՅԻ ՕՐՈՒԱՆ ՋՐՀԵՂԵՂԸ

ԻՆՉ ՈՐ ԹԵՐԵՒՍ ԿԸ ԼՍԵՍ. «Երբ Աստուած Ջրհեղեղ բերաւ եւ Նոյէն ու անոր ընտանիքէն զատ ամբողջ մարդկութիւնը բնաջնջեց, ան անգթօրէն վարուեցաւ»։

ԻՆՉ ՈՐ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ Կ’ԸՍԷ. Աստուած նշեց. «Ամբարշտին մեռնիլը չեմ ուզեր, հապա կ’ուզեմ որ ամբարիշտը իր ճամբայէն դառնայ ու ապրի» (Եզեկիէլ 33։11)։ Ուստի, Նոյի ժամանակակից չարերուն բնաջնջումը բնա՛ւ Աստուծոյ հաճոյք չպատճառեց։ Լաւ, ան ինչո՞ւ այս քայլին դիմեց։

Աստուածաշունչը կը պատասխանէ, թէ անբարեպաշտ մարդոց վրայ այդպիսի դատաստաններ գործադրելով, Աստուած զանոնք «օրինակ դարձուց յետագայ ամբարիշտներուն» (Բ. Պետրոս 2։5, 6, ԱԾ)։ Ի՞նչ օրինակ։

Առաջին, Աստուած հաստատեց որ թէեւ չ’ուրախանար մարդիկը բնաջնջելով, բայց կը նկատէ տառապանք պատճառող անգութ մարդիկը եւ զանոնք իրենց արարքներուն համար պատասխանատու կը համարէ։ Ժամանակի ընթացքին, ան ամբողջ անարդարութիւնը եւ տառապանքը պիտի վերացնէ։

Երկրորդ, Աստուծոյ անցեալի արարքներուն օրինակը կը հաստատէ, թէ Աստուած սիրալիրօրէն կը զգուշացնէ մարդիկը՝ դատաստան ի գործ դնելէ առաջ։ Նոյ արդարութեան քարոզիչ էր, բայց մարդոց մեծամասնութիւնը զինք անտեսեց եւ ականջ չկախեց։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Չգիտցան՝ մինչեւ ջրհեղեղը եկաւ ու ամէնքը վերցուց» (Մատթէոս 24։39

Աստուած այդ օրինակին կառչա՞ծ է։ Այո՛։ Օրինակի համար, ան իսրայէլը՝ իր ժողովուրդը՝ զգուշացուց, որ եթէ մօտակայ ազգերուն նման չար դառնային, թոյլ պիտի տար թշնամիներուն որ իրենց վրայ յարձակին, իրենց մայրաքաղաքը՝ Երուսաղէմը՝ կործանեն եւ զիրենք գերի տանին։ Իսրայէլ իրապէս չարացաւ,– նոյնիսկ մանուկներ զոհ ընծայեց։ Եհովան գործի անցա՞ւ։ Այո՛, բայց նախ ան մարգարէներ ղրկեց որ կրկին անգամ իր ժողովուրդը զգուշացնէ ու քաջալերէ որ իրենց չար ճամբաներէն շուտո՛վ ետ դառնան։ Ան նոյնիսկ ըսաւ. «Տէր Եհովան բան մը չ’ըներ, մինչեւ որ իր գաղտնիքը իր ծառաներուն՝ մարգարէներուն՝ չյայտնէ» (Ամովս 3։7

ԴՈՒՆ ԻՆՉՊԷ՛Ս ՊԱՐՓԱԿՈՒԱԾ ԵՍ. Եհովայի անցեալի դատաստաններուն վրայ խոկալով յոյս կ’ունենանք. կրնանք վստահութեա՛մբ սպասել Աստուծոյ գալիք դատաստանին, երբ ան պիտի վերացնէ անոնք՝ որոնք անգթօրէն տառապանք կը պատճառեն։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Չարագործները պիտի կորսուին. . . Սակայն հեզերը պիտի ժառանգեն երկիրը ու խաղաղութեան առատութիւնովը պիտի ուրախանան» (Սաղմոս 37։9-11)։ Ինչպէ՞ս կը զգաս դատաստանի մը նկատմամբ, որ մարդկութիւնը տառապանքէ պիտի հանգստացնէ։ Ատիկա անգթութի՞ւն թէ ողորմածութիւն է։

ՔԱՆԱՆԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ԲՆԱՋՆՋՈՒՄԸ

ԻՆՉ ՈՐ ԹԵՐԵՒՍ ԿԸ ԼՍԵՍ. «Արդի ցեղասպանութիւններուն նման, քանանացիներուն բնաջնջումը անգութ պատերազմի ոճիր մըն էր»։

ԻՆՉ ՈՐ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ Կ’ԸՍԷ. «Աստուծոյ. . . բոլոր ճամբաները արդար են. Աստուած հաւատարիմ է ու անիրաւութիւն չունի» (Բ. Օրինաց 32։4)։ Աստուածային արդարութեան մէկ արարքը չի համեմատուիր մարդկային պատերազմին հետ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ մարդոց հակառակը, Աստուած կրնայ սրտերը կարդալ, այսինքն՝ մեր ներսի մարդը գիտնալ։

Օրինակի համար, երբ Աստուած դատապարտեց Սոդոմ ու Գոմոր քաղաքները եւ վճռեց զանոնք կործանել, հաւատարիմ Աբրահամ հարցին արդար ըլլալուն նկատմամբ մտահոգուեցաւ. չկրցաւ երեւակայել որ իր արդար Աստուածը ‘ամբարշտին հետ արդարն ալ պիտի կորսնցնէր’։ Համբերութեամբ Աստուած զինք հաւաստիացուց, թէ եթէ նոյնիսկ տասը արդար մարդիկ գտնուէին Սոդոմի մէջ, քաղաքը պիտի չկործանէր (Ծննդոց 18։20-33)։ Յստակ է որ Աստուած այդ մարդոց սրտերը քննեց ու տեսաւ անոնց չարութեան խորութիւնը (Ա. Մնացորդաց 28։9

Համանման կերպով, Աստուած տեսաւ թէ քանանացիները չար էին եւ արդարութեամբ վճռեց զանոնք բնաջնջել։ Քանանացիները իրենց անգթութեամբ հանրածանօթ էին, ինչ որ կը պարփակէր՝ իրենց երեխաները ողջ–ողջ կրակէ անցընել (Դ. Թագաւորաց 16։3) *։ Քանանացիները գիտէին թէ Եհովան իսրայէլացիներուն պատուիրած էր որ ամբողջ շրջանը գրաւէին։ Անոնք՝ որոնք ընտրեցին շրջանին մէջ մնալ եւ պատերազմիլ, կամովին կը հակառակէին ոչ միայն իսրայէլացիներուն, այլ նաեւ՝ Եհովային, որ զօրաւոր ապացոյց տուած էր թէ իր ժողովուրդին թիկունք կը կանգնէր։

Ասկէ զատ, Աստուած ողորմածութիւն ցուցաբերեց այն քանանացիներուն հանդէպ, որոնք իրենց չարութիւնը լքելով իր բարոյական բարձր չափանիշները ընդունեցին։ Օրինակի համար, քանանացի Ռախաբ պոռնիկը իր ընտանիքին հետ ազատեցաւ։ Նաեւ, երբ քանանական Գաբաւոն քաղաքի բնակիչները ողորմութիւն խնդրեցին, իրենք եւ իրենց բոլոր զաւակները ողջ մնացին (Յեսու 6։25. 9։3, 24-26

ԴՈՒՆ ԻՆՉՊԷ՛Ս ՊԱՐՓԱԿՈՒԱԾ ԵՍ. Քանանացիներուն դատաստանէն կրնանք կարեւոր դաս քաղել։ Մենք արագօրէն կը մօտենանք նախագուշակուած «դատաստանին ու ամբարիշտ մարդոց կորստեան [օրուան]» (Բ. Պետրոս 3։7)։ Եթէ Եհովան կը սիրենք, պիտի օգտուինք երբ ան մարդկութեան տառապանքը չքացնէ, երկրագունդը մաքրելով անոնցմէ՝ որոնք իր արդար իշխանութիւնը կը մերժեն։

Քանանացիները իրենց անգթութեամբ հանրածանօթ էին, եւ կամովին հակառակեցան Աստուծոյ եւ անոր ժողովուրդին

Եհովան սիրալիրօրէն մեզի կը յիշեցնէ, թէ ծնողներուն ըրած ընտրութիւնները իրենց զաւակներուն կ’ազդեն։ Աստուծոյ Խօսքը կ’ըսէ. «Կեանքը ընտրէ որպէս զի ապրիք՝ դուն եւ քու սերունդդ. քու Տէր Աստուածդ սիրելով՝ անոր խօսքին հնազանդութիւն ըրէ՛ ու անոր յարէ՛» (Բ. Օրինաց 30։19, 20)։ Այս խօսքը անգո՞ւթ Աստուծոյ մը խօսքն է, թէ ոչ Աստուծոյ մը՝ որ մարդիկը կը սիրէ եւ կ’ուզէ որ անոնք լաւ ընտրութիւններ ընեն։

^ պարբ. 15 Հնագէտներու յայտնագործութիւնները կ’ապացուցանեն, թէ քանանացիներուն պաշտամունքը կը պարփակէր մանուկներու զոհագործութիւնը։