Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայի վկաները իրենց զաւակները կը ստիպե՞ն որ Եհովայի վկայ դառնան

Եհովայի վկաները իրենց զաւակները կը ստիպե՞ն որ Եհովայի վկայ դառնան

 Ո՛չ, քանի որ Աստուած պաշտելը անձնական որոշում է (Հռովմայեցիս 14։12)։ Եհովայի վկաները իրենց պզտիկներուն Աստուածաշունչի սկզբունքներ կը սորվեցնեն, բայց երբ անոնք մեծնան, անոնցմէ իւրաքանչիւրը ինք պէտք է որոշէ, թէ կ’ուզէ՛ Եհովայի վկայ դառնալ կամ ոչ (Հռովմայեցիս 12։2. Գաղատացիս 6։5

 Գրեթէ բոլոր ծնողներուն պէս, Եհովայի վկաները կ’ուզեն որ իրենց զաւակները լաւագոյն կեանքը ունենան։ Անոնք իրենց զաւակներուն կը սորվեցնեն ինչ որ իրենց կարծիքով օգտակար է, ինչպէս՝ գործնական հմտութիւններ, բարոյական սկզբունքներ եւ կրօնական հաւատալիքներ։ Եւ կը հաւատան, թէ Աստուածաշունչը կ’օգնէ որ մէկը լաւագոյն կեանքը ունենայ։ Ուստի կը ջանան անոր մէջի արժանիքները իրենց պզտիկներուն սրտին մէջ քանդակել՝ անոնց հետ Աստուածաշունչը սերտելով եւ միասնաբար քրիստոնէական ժողովներու ներկայ գտնուելով (Բ. Օրինաց 6։6, 7)։ Իւրաքանչիւր պզտիկ, մեծնալէ ու գիտակից դառնալէ ետք, կ’որոշէ եթէ կ’ուզէ իր ծնողքին հաւատքը որդեգրել կամ ոչ։

 Եհովայի վկաները մանուկներ կը մկրտե՞ն

 Ո՛չ։ Աստուածաշունչը մանուկներու մկրտութիւն չի քաջալերեր։ Օրինակ, անիկա ցոյց կու տայ, թէ առաջին դարու քրիստոնեաները, մկրտուելէ առաջ, պատգամը լսեցին ու «սրտանց ընդունեցին» եւ զղջացին (Գործք 2։14, 22, 38, 41)։ Ուրեմն, որպէսզի անհատը կարենայ մկրտուիլ, պէտք է խելահաս ըլլայ, այնպէս մը որ կարենայ Աստուածաշունչին սորվեցուցածները հասկնալ, պէտք է այդ ուսուցումներուն հաւատայ եւ որոշէ ատոնց համաձայն ապրիլ։ Մանուկ մը ասոնք չի կրնար ընել։

 Մինչ պզտիկները կը մեծնան, թերեւս ժամանակի ընթացքին որոշեն մկրտուիլ։ Սակայն, այդ նուիրումի քայլը առնելու համար, պէտք է գիտակցին որ ի՛նչ խոստում կու տան։

 Եհովայի վկաները իրենց զաւակներէն կը հրաժարի՞ն, եթէ անոնք որոշեն չմկրտուիլ

 Ո՛չ։ Թէեւ Վկայ ծնողները կը նեղանան, երբ իրենց զաւակը իրենց հաւատքը չ’որդեգրեր, բայց դեռ կը սիրեն զինք եւ չեն ուզեր իրեն հետ իրենց կապը կտրել, պարզապէս քանի որ Վկայ չեն ուզեր դառնալ։

Իւրաքանչիւր անձ, ի՛նչ տարիքի ալ ըլլայ, պէտք է ինք որոշէ թէ կ’ուզէ մկրտուիլ կամ ոչ

 Ինչո՞ւ Եհովայի վկաները իրենց պզտիկները իրենց հետ քարոզչութեան կը տանին

 Մենք մեր պզտիկները քարոզչութեան կը տանինք քանի մը պատճառներով a։

  •   Աստուածաշունչը ծնողներուն ուղղութիւն կու տայ, որ իրենց պզտիկներուն Աստուծոյ մասին սորվեցնեն եւ զանոնք մարզեն զինք պաշտելու (Եփեսացիս 6։4)։ Որովհետեւ պաշտամունքին մէջ կ’իյնայ նաեւ հաւատքի մասին ուրիշներուն խօսիլ, քարոզելը՝ պզտիկին հոգեւոր կրթութիւն տալու կարեւոր կերպ մըն է (Հռովմայեցիս 10։9, 10. Եբրայեցիս 13։15

  •   Աստուածաշունչը յատկապէս պզտիկները կը քաջալերէ, որ «Տէրոջը անունը օրհնեն» (Սաղմոս 148։12, 13)։ Աստուած օրհնելու կարեւոր մէկ կերպն է՝ իրեն մասին խօսիլ ուրիշներուն b։

  •   Երբ պզտիկները իրենց ծնողներուն հետ կը քարոզեն, գործնական կերպով կ’օգտուին։ Օրինակ, կը սորվին ամէն տեսակ մարդոց հետ հաղորդակցիլ եւ արժէքաւոր յատկութիւններ ձեռք կը ձգեն, ինչպէս՝ կարեկցութիւն, ազնուութիւն, յարգանք եւ անձնուիրութիւն։ Նաեւ, աւելի լաւ կը հասկնան իրենց հաւատալիքներուն աստուածաշնչական հիմը։

 Եհովայի վկաները տօներու կամ ուրիշ առիթներու կը մասնակցի՞ն

 Եհովայի վկաները չեն մասնակցիր կրօնական տօներու կամ ուրիշ առիթներու, որոնց Աստուած չի հաճիր c (Բ. Կորնթացիս 6։14-17. Եփեսացիս 5։10)։ Օրինակ, չենք տօներ տարեդարձներ կամ սուրբ ծնունդի տօնակատարութիւններ, որոնք ոչ–քրիստոնէական ծագում ունին։

 Բայց եւ այնպէս, մենք կը սիրենք մեր ընտանիքին հետ ժամանակ անցընել եւ մեր պզտիկներուն առատաձեռնօրէն նուէրներ տալ։ Փոխանակ ամէն տարի միայն որոշ օրերու ընտանեօք հաւաքուելու եւ նուէրներ փոխանակելու, տարուան ընթացքին որեւէ ատեն հաւաքոյթներ կը կազմակերպենք եւ իրարու նուէրներ կու տանք։

Քրիստոնեայ ծնողներ կը սիրեն իրենց զաւակներուն նուէրներ տալ

a Սովորաբար, Վկաներու պզտիկները քարոզչութեան չեն մասնակցիր առանց իրենց ծնողներուն կամ ուրիշ պատասխանատու չափահասի մը։

b Աստուածաշունչը կը նշէ քանի մը պզտիկներ, որոնք Աստուած հաճեցուցին, իրենց հաւատալիքներուն մասին պատմելով ուրիշներուն (Դ. Թագաւորաց 5։1-3. Մատթէոս 21։15, 16. Ղուկաս 2։42, 46, 47

d Կարգ մը անուններ փոխուած են։