Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երգ 18

Աստուծոյ մնայուն սէրը

Աստուծոյ մնայուն սէրը

(Եսայի 55։1-3)

1. Մնայուն սէրն Աստ’ծոյ

մեզ կը ցնծացնէ սրտով։

Հայրը իր Որդին զոհեց,

փրկուելու ճամբան հարթեց,

որ արդարութիւն գտնենք

եւ ապրինք կեանքով յաւերժ։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Ո՛վ դուք բոլոր ծարաւներ,

կեանքի ջուրէն խմեցէ՛ք.

թարմացէք, ո՛վ ծարաւներ,

սէրն Աստուծոյ տեսէ՛ք։

2. Մնայուն սէրն Աստ’ծոյ

յայտնի կ’ըլլայ գործերով։

Հայրը սէր դրսեւորեց,

երբ իր Որդին թագադրեց,

իր երդումը գործադրեց։

Թագաւորութիւնը տե՛ս. . .

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Ո՛վ դուք բոլոր ծարաւներ,

կեանքի ջուրէն խմեցէ՛ք.

թարմացէք, ո՛վ ծարաւներ,

սէրն Աստուծոյ տեսէ՛ք։

3. Մնայուն սէրն Աստ’ծոյ

մեզ կը մղէ սիրելու։

Հեզերուն սիրով օգնենք

եւ արդարութեան բերենք։

Սէրէ մղուած քարոզենք,

մարդիկը մխիթարենք։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Ո՛վ դուք բոլոր ծարաւներ,

կեանքի ջուրէն խմեցէ՛ք.

թարմացէք, ո՛վ ծարաւներ,

սէրն Աստուծոյ տեսէ՛ք։

(Տե՛ս նաեւ Սաղ. 33։5. 57։10. Եփ. 1։7)