Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երգ 13

Շնորհակալութեան աղօթք մը

Շնորհակալութեան աղօթք մը

(Սաղմոս 95։2)

1. Դուն ողորմա՛ծ Տէր՝ գովքի արժանի,

ձայն կ’ուղղենք քեզի՝ Աստուա՛ծ մեր բարի։

Մենք կը խոնարհինք, Լսող աղօթքի,

եւ դուն ցոյց կու տաս ճամբան մեր ոտքի։

Մենք կը սխալինք կրկին ու կրկին.

ա՜խ, ի՜նչ տկար ենք, մեր Հա՛յր կարեկից։

Գնուած ենք սուրբ արիւնով միածնի.

մեզի ներէ եւ օգնէ որ փոխուինք։

2. Ով որ սրտանց ընդունած է կոչդ,

կը տեսնէ շողշողուն լոյսը տանդ։

Սորվեցուր մեզի որ լաւ ճանչնանք քեզ,

սուրբ տաճարիդ ներսիդին պաշտենք քեզ։

Ի՜նչ ահարկու է բազուկդ հզօր.

մեզ խիզախ դարձուր, Հա՛յր ամենազօր։

Արքայութիւնդ պիտի հռչակենք,

զայն ամէնուրեք պիտի քարոզենք։

3. Ի՜նչ հոգատար ես, բարի, ուշադիր,

քեզ պիտի պաշտեն հեզերն ծնրադիր։

Արքայութիւնդ հիմնած ես ընդմիշտ,

պիտ’ չքացնէ արցունքներ, մահ ու վիշտ։

Բոլոր չարերը Որդիդ պիտ’ փշրէ,

քեզ պաշտողները պիտ’ բացագանչեն.

«Շնորհակալ ենք, ո՛վ Հայր փառաւոր,

սուրբ Տէր Եհովա, չքնաղ Թագաւոր»։