Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԵԱՆ ՃԱՄԲԱՆ

Յոյս

Յոյս

‘Ունիմ ծրագիր մը բարօրութեան եւ ո՛չ չարիքի, ձեզի ապագայ մը եւ յոյս մը տալու’ (Երեմիա 29։11

ԱՊՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՄԷԿԸ ՊԷՏՔ Է ՅՈՅՍ ՈՒՆԵՆԱՅ։ Գիրք մը կ’ըսէ. «[Յոյսը] լաւագոյն լուծումն է, որ մէկը դուրս ելլէ իր տկար, մեկուսացած եւ վախկոտ վիճակէն» (Hope in the Age of Anxiety

Սուրբ Գիրքը կը ցուցնէ որ մենք յոյսի պէտք ունինք, բայց միեւնոյն ատեն մեզ կը զգուշացնէ սուտ յոյսերէն։ Սաղմոս 146։3–ը կ’ըսէ. «Մի՛ յուսաք իշխաններուն, մարդու որդիին՝ որուն քով փրկութիւն չկայ»։ Փոխանակ մեր յոյսը մարդ արարածին վրայ դնելու, որ մեզ փրկէ, իմաստութիւն է մեր յոյսը Աստուծոյ վրայ դնել, քանի որ ան կրնա՛յ իր բոլոր խոստումները կատարել։ Ան ի՞նչ խոստացած է մեզի։ Նկատի առ այս կէտերը.

ՉԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՎԵՐՋԱՆԱՅ ԵՒ ԱՐԴԱՐՆԵՐԸ ՄՆԱՅՈՒՆ ԿԵՐՊՈՎ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ ՊԻՏԻ ՎԱՅԵԼԵՆ. «Քիչ ժամանակէ յետոյ ամբարիշտը պիտի չքանայ. . . սակայն հեզերը պիտի ժառանգեն երկիրը ու խաղաղութեան առատութիւնովը պիտի ուրախանան», կ’ըսէ Սաղմոս 37։10, 11–ը։ Իսկ 29–րդ համարը կ’աւելցնէ, որ ‘արդարները յաւիտեան երկրին մէջ պիտի բնակին’։

ՊԱՏԵՐԱԶՄՆԵՐԸ ՎԵՐՋ ՊԻՏԻ ԳՏՆԵՆ. «[Աստուած] պատերազմները կը դադարեցնէ մինչեւ երկրի ծայրը. աղեղը կը կոտրտէ ու նիզակը կը ջարդէ, կառքերը կրակով կ’այրէ» (Սաղմոս 46։8, 9

ԱՅԼԵՒՍ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆ, ՉԱՐՉԱՐԱՆՔ ԿԱՄ ՄԱՀ ՊԻՏԻ ՉԸԼԼԱՅ. «[Աստուած] անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ» (Յայտնութիւն 21։3, 4

ԼԵՑՈՒՆ ՈՒՏԵԼԻՔ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ. «Ցորենի յորդառատութիւն պիտի ըլլայ երկրին մէջ՝ լեռներուն գագաթը» (Սաղմոս 72։16, ԱԾ

ՄԷԿ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ՝ ՔՐԻՍՏՈՍԻՆ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ, ԱՐԴԱՐ ԿԵՐՊՈՎ ՊԻՏԻ ԻՇԽԷ. «[Յիսուս Քրիստոսին] իշխանութիւն, պատիւ ու թագաւորութիւն տրուեցաւ, որպէս զի բոլոր ժողովուրդները, ազգերն ու լեզուները անոր ծառայութիւն ընեն։ Անոր իշխանութիւնը յաւիտենական իշխանութիւն է, որ պիտի չանցնի ու թագաւորութիւնը պիտի չաւրուի» (Դանիէլ 7։14

Ինչպէ՞ս կրնանք վստահ ըլլալ որ այս խոստումները պիտի կատարուին։ Երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, ամէնուն առջեւ փաստեց որ ապագայ Թագաւորը ինք պիտի ըլլայ։ Ան հիւանդները բժշկեց, աղքատները կերակրեց եւ մեռելները կեանքի բերաւ։ Իր սորվեցուցածները դեռ ա՛լ աւելի կարեւոր էին, քանի որ ատոնց մէջ կան սկզբունքներ, որոնք մարդոց պիտի օգնեն որ յաւիտեան խաղաղութեամբ եւ միութեամբ ապրին։ Յիսուս նաեւ ըսաւ որ ապագային ի՛նչ պիտի ըլլայ, մէջը ըլլալով այն բաները, որոնք պիտի ցուցնէին որ վերջին օրերուն մէջ կ’ապրինք։

ՓՈԹՈՐԻԿԷ ԵՏՔ, ԱՐԵՒ ԿԸ ԾԱԳԻ

Յիսուս մարգարէացաւ որ վերջին օրերուն մէջ խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն պիտի չըլլար, հապա՝ միջազգային պատերազմներ, սովեր, մահտարաժամներ եւ մեծ երկրաշարժներ (Մատթէոս 24։3, 7. Ղուկաս 21։10, 11. Յայտնութիւն 6։3-8)։ Յիսուս նաեւ ըսաւ. «Անօրէնութեան շատնալուն համար շատերուն սէրը պիտի պաղի» (Մատթէոս 24։12

Շատ մը բաներ կը ցուցնեն թէ սէրը իրապէս պաղած է։ Բ. Տիմոթէոս 3։1-5–ի մարգարէութիւնը կ’ըսէ որ «վերջին օրեր»ուն մէջ մարդոց մեծամասնութիւնը պիտի ըլլար անձնասէր, դրամասէր, հաճոյասէր, հպարտ եւ վայրագ։ Ընտանիքներուն մէջ գութ պիտի չըլլար եւ զաւակները պիտի չհնազանդէին իրենց ծնողքին։ Մարդիկ պիտի ձեւացնէին որ կրօնասէր են։

Այս փոթորկանման վիճակները կը փաստեն որ վերջին օրերուն մէջն ենք։ Ատոնք նաեւ կը փաստեն որ մօտ ատենէն ‘արեւ պիտի ծագի’, Աստուծոյ Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ։ Յիսուս ասոր մասին ալ խօսեցաւ, երբ վերջին օրերուն նկատմամբ մարգարէութիւն կու տար, ըսելով. «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ վերջը պիտի գայ» (Մատթէոս 24։14

Այս բարի լուրը գէշ բաներ ընողներուն համար զգուշացում է, իսկ արդարներուն համար՝ յոյս, զանոնք վստահեցնելով որ խոստացուած օրհնութիւնները մօտ ատենէն պիտի իրականանան։ Կ’ուզե՞ս աւելին գիտնալ այդ օրհնութիւններուն մասին։ Հաճիս տես վերջին էջը։