Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԵԱՆ ՃԱՄԲԱՆ

Ներողամտութիւն

Ներողամտութիւն

«ԵՐԲ ՊԶՏԻԿ ԷԻ, ՄԵՐ ՏՈՒՆԻՆ ՄԷՋ ԻՐԱՐՈՒ ՎՐԱՅ ՇԱՏ ԿԸ ՊՈՌԱՅԻՆ–ԿԸ ԿԱՆՉԷԻՆ ԵՒ ԻՐԱՐ ԿԸ ՎԻՐԱՒՈՐԷԻՆ», ըսաւ Բադրիսիա անունով կին մը։ «Չսորվեցայ ուրիշներուն ներել։ Նոյնիսկ մեծնալէ ետք, երբ մէկը զիս վիրաւորէր, օրերով միտքէս չէր ելլեր ըրածը, եւ նոյնիսկ քունս կը փախցնէի»։ Երբ մէկը միշտ բարկանայ եւ ոխ պահէ, ասիկա իր առողջութեան կ’ազդէ եւ երջանիկ չ’ըլլար։ Իրապէս, կարգ մը ուսումնասիրութիւններ կը ցուցնեն, թէ հաւանականութիւն կայ որ չներող անհատները՝

  • Իրենց բարկութեան կամ դժգոհութեան պատճառով՝ ուրիշներուն հետ իրենց փոխյարաբերութիւնները քանդեն, ինչ որ կը ձգէ որ մարդոցմէ հեռու ըլլան եւ մինակ զգան

  • Շուտով վիրաւորուին, մտահոգուին կամ նոյնիսկ ծանր կերպով ընկճուին

  • Այնքան կեդրոնանան մէկու մը ըրած սխալին վրայ, որ այլեւս կեանքէն հաճոյք չառնեն

  • Յանցաւոր զգան, քանի որ գիտե՛ն թէ պէտք է ներեն

  • Շատ սթրես զգան եւ աւելի հաւանականութիւն ըլլայ որ իրենց առողջութիւնը ետեւ երթայ։ Անոնք կրնան ունենալ արեան գերճնշում, սիրտի հիւանդութիւններ, յօդացաւ, գլխացաւ եւ ուրիշ բաներ *

ՆԵՐՈՂԱՄՏՈՒԹԻՒՆԸ Ի՞ՆՉ Է։ Ներողամտութիւն ըսել է՝ մէկու մը ներել եւ այլեւս չբարկանալ անոր դէմ, ոխ չպահել եւ վրէժ առնել չուզել։ Ատիկա չի նշանակեր սխալին աչք գոցել, թեթեւի առնել կամ ձեւացնել որ ատիկա չէ պատահած։ Ներողամտութիւնը անձնական ընտրութիւն մըն է, որ անհատը լաւ մտածելէ ետք կ’առնէ, քանի որ սէրէ մղուած կ’ուզէ խաղաղութիւն ընել եւ դիմացինին հետ լաւ փոխյարաբերութիւն ունենալ։

Ներողամիտ անհատը հասկացող կ’ըլլայ։ Ան կը հասկնայ որ բոլորս թէ՛ խօսքով եւ թէ գործով կը սխալինք, կամ մեղք կը գործենք (Հռովմայեցիս 3։23)։ Ասիկա յստակ է Սուրբ Գիրքին մէջ, որ կ’ըսէ. ‘Իրարու համբերեցէք եւ իրարու ներեցէք՝ եթէ մէկը մէկուն դէմ տրտունջ մը ունենայ’ (Կողոսացիս 3։13

Ուրեմն տրամաբանական է որ ներողամտութիւնը կարեւոր մէկ երեսակն է սիրոյ, որ միութեան կատարեալ կապ է (Կողոսացիս 3։14)։ Ըստ Mayo Clinic–ի կայքին, ներողամտութիւնը՝

  • Կը ձգէ որ վիրաւորուող անհատը աւելի առողջ փոխյարաբերութիւն ունենայ սխալողին հետ, եւ իրեն հետ զգայ ու կարեկցի, եւ զինք հասկնայ

  • Կը լաւացնէ մեր մտային եւ հոգեւոր վիճակը

  • Կը թեթեւցնէ մտահոգութիւնը, սթրեսը եւ թշնամութիւնը

  • Կը պակսեցնէ ընկճուածութիւն ունենալու հաւանականութիւնը

ԴՈՒՆ ՔԵԶԻ ՆԵՐԷ։ Պարբերաթերթ մը կ’ըսէ որ մեր անձին ներելը «ամէնէն դժուար բանն է որ կրնանք ընել», բայց ատիկա «ամէնէն կարեւոր բանն է առողջութեան համար», ըլլա՛յ մտային կամ ֆիզիքական (Disability & Rehabilitation)։ Ի՞նչը կրնայ քեզի օգնել որ ինքզինքիդ ներես։

  • Անձէդ կատարելութիւն մի՛ ակնկալեր, հապա՝ իրականութիւնը ընդունէ, որ սխալներ պիտի ընես, ինչպէս որ բոլորս կ’ընենք (Ժողովող 7։20)

  • Սխալներէդ սորվէ, որպէսզի կարենաս նոյն սխալը չկրկնել

  • Համբերութիւն ունեցիր, քանի որ ժամանակ կ’առնէ որ գէշ բնաւորութիւններդ կամ սովորութիւններդ փոխես (Եփեսացիս 4։23, 24)

  • Զատէ բարեկամներ որոնք քաջալերող, դրական եւ ազնիւ են, բայց միեւնոյն ատեն անկեղծօրէն իրականութիւնը կ’ըսեն քեզի (Առակաց 13։20)

  • Եթէ մէկը վիրաւորես, յանցանքդ ընդունէ եւ շուտով ներողութիւն խնդրէ։ Երբ դիմացինին հետ հաշտ ըլլաս, դուն քու անձիդ հետ հաշտ կ’ըլլաս (Մատթէոս 5։23, 24)

ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԻՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐԸ ԻՐԱՊԷ՛Ս ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ԵՆ

Սկիզբը նշուած Բադրիսիան Սուրբ Գիրքը սերտելով սորվեցաւ ներել։ Ան գրեց. «Կը զգամ որ ազատած եմ այն ջղայնութենէն, որ կեանքս թունաւորած էր։ Այլեւս ո՛չ ես կը չարչարուիմ, ոչ ալ ուրիշները կը չարչարեմ։ Սուրբ Գիրքին սկզբունքները կը փաստեն, որ Աստուած մեզ կը սիրէ եւ լաւագոյնը կ’ուզէ մեզի համար»։

Ռոն անունով մարդ մը ըսաւ. «Չեմ կրնար իշխել ուրիշներուն մտածումներուն եւ ըրածներուն վրայ, բայց կրնամ իշխել ի՛մ մտածումներուս եւ ըրածներուս վրայ։ Եթէ խաղաղութիւն կ’ուզեմ ունենալ, պէտք չէ ոխ ունենամ։ Անդրադարձայ որ չեմ կրնար միեւնոյն ատեն թէ՛ խաղաղասէր ըլլալ եւ թէ ոխ պահող։ Այլեւս խիղճս հանգիստ է»։

^ պարբ. 8 Աղբիւրներ. Mayo Clinic–ի եւ Johns Hopkins Medicine–ի կայքերը եւ Social Psychiatry and Psychiatric Epidemiology պարբերաթերթը։